image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի Իրադրութիւնը Այսօր Համեմատաբար Խաղաղ է

Հալէպի  Իրադրութիւնը  Այսօր Համեմատաբար Խաղաղ է

 Սուրիա-  Հալէպի  իրադրութիւնը համեմատած անցնող  երկու օրերուն  այսօր համեմատաբար խաղաղ է: Այս  մասին տեղեկութիւնը ստացանք «Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրներէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յաւելեց, որ Հալէպի  հայկական  շրջաններուն  մէջ անցնող   Շաբաթ  իրկուընէ  ի վեր ջուրի մատակարարում կայ: Գալով ելեքդրականութեան այսօրուան տուեալներով   Հալէպի  հայկական  շրջանները օրական  մէկ ժամ  ելեքդրակութիւն կը ստանան: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ նկատի առնելով,  Ատհայի   տօնին արձակուրդը  բնակիչները կ'ակնկալեն, որ    գալիք օրերուն ելեքդրականութեան մատակարարման ժամերը  կրնան  բարձրանալ:     Քաղաքը     Ատհայի  տօնական արձակուրդի մէջ  պիտի ըլլայ  մինչեւ յառաջիկայ   Երկուշաբթի օր: