image

8 Տարուան բացակայութիւնէ ետք Հալէպի «Հայ ալ քաթըրճի» շրջանը լուսաւորուեցաւ

8  Տարուան  բացակայութիւնէ ետք Հալէպի «Հայ  ալ քաթըրճի»  շրջանը լուսաւորուեցաւ

 Հալէպ  քաղաքի ճարտարուեստի   կարեւոր   կեդրոններէն համարուող «Հայ  ալ քաթըրճի»  շրջանը   լուսաւորոեցաւ։

 

 Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Ալ Մայատին» կայանը  ժնշելով նաեւ, որ  անցնող ութ  տարիներուն    այդ  շրջանին մերձ տեղի ունեցող  ռազմական  գործողութիւններուն  հետեւանքով  «Հայ  ալ  քաթըրճի»ն        դարձած էր ամայի  եւ   ելեքդրական հոսանքէ  եւ ջուրի  մատակարարումէ զուրկ  շրջան մը։

 

 

 «Ալ Մայատին»  նաեւ կը նշէ,  որ ելեքդրական հոսանքի     վերադարձով     այդ  շրջանին մէջ    գործել   պիտի սկսին   300  գործարաններ,      այդպիսով արտադրողունակ   գործարաններու ընդհանուր թիւը հասցընելով    1300-ի։

 

 

 Կը  նշուի  նաեւ  վեց   շարժակներու  շնորհիւ իրականացուող  ելեքդրական հոսանքի   մատակարարման  ծրագիրը  իրականացուած է  ՄԱԿ-ի    Սուրիոյ համար նախատեսուած  յատուկ   ծրագրին։