image

Զոհուած է «Ալ Ռատուան»ի դաշտային հրամանատարը ՝Ուիսամ Թաուիլը

 Զոհուած է «Ալ Ռատուան»ի դաշտային հրամանատարը ՝Ուիսամ Թաուիլը

 Լիբանանեան «Հըզպալլա»ի ծանրակշիռ դէմքերէն մին այսօր զոհ գացած է իսրայէլեան հարուածներու։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ լիբանանեան լրասփիւռներէ։

 Կը նշուի, որ սպանուողը կը կոչուի Ուիսամ Հասան Ալ Թաուիլ եւ ան զոհուած է լիբանանեան հարաւի «Խըրպըթ Սըլըմ» շրջանին մէջ։

«Հըզպալլա»ի պատասխանատուն գտնուած է իր ինքնաշարժին մէջ, որ ուղղակիօրէն թիրախուած է իսրայէլեան ԱԹՍ-ի մը կողմէ։

Մեր ընթեցողներուն յիշեցնենք, որ «Ալ Ռատուան» ջոկատը կը համարուի «Հըզպալլա»ի ռազմական ջոկատներու ամէնէն մարտունակն ու ամէնէն պատրաստուածը, որուն մասին իսրայէլեան ԶԼՄ-ներ գրած են նշելով, որ այդ ջոկատի քայլերը իրողապէս «սարսափ» կը պատճառեն իսրայէլեան բանակին։