Զարգացման ֆրանսական գործակալութիւնը ՀՀ կառավարութեան 75 մլն եւրօ վարկ պիտի տայ ՀՀ պետական պիւտճէի պակասուրդի ֆինանսաւորման համար։ Կառավարութիւնն այսօրուան նիստի ժամանակ հաւանութիւն տուած է «ՀՀ կառավարութեան եւ Զարգացման ֆրանսական գործակալութեան միջեւ թիւ CAM 1024 01 C վարկային համաձայնագրի» ստորագրման։
Համաձայնագիրը նախատեսուած է ստորագրել այս տարուան յունիս 26–ին։
«Բիւջետային աջակցութեան միջոցներն ուղղուելու են «2024 թ. պետական բիւջէի մասին» ՀՀ օրէնքով սահմանուած պակասուրդի ֆինանսաւորմանը, հետեւաբար վարկային միջոցների ժամանակին ստացումը կարեւոր նշանակութիւն ունի պետական բիւջէի կատեգորիաներով նախատեսուած ծախսերի ֆինանսաւորման տեսանկիւնից»,-ըսուած է որոշման հիմնաւորման մէջ:
Նշուած է, որ Զարգացման ֆրանսական գործակալութեան կողմէ ծրագիրը կ՚իրականացուի Ասիական զարգացման դրամատան հետ համատեղ: