«Զանգեզուրի միջանցք»ը շարժման մէջ պիտի դնէ տարածաշրջանի ցամաքային եւ երկաթուղային ճանապարհները։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը:
««Զանգեզուրի միջանցք»ի բացմամբ մեր տարածաշրջանին մէջ պիտի տիրէ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն, պիտի սկսին գործել ցամաքային եւ երկաթուղային ճանապարհները, պիտի բացուին սահմանային անցակէտերը։ Սա դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ բազմաթիւ ոլորտներու վրայ, առաջին հերթին՝ առեւտուրի վրայ», - նշած է ան։
«Ես կը հաւատամ, որ Հարաւային Կովկասը պիտի գտնէ այն խաղաղութիւնը, որուն կը ձգտի։ Ես տեսայ այս յոյսը Իլհամ Ալիեւի հետ իմ երկկողմ հանդիպման ժամանակ։
Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած փաստաթուղթերը, անկասկած, արագացուցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Երկու կողմերն ալ յաղթահարեցին խաղաղութեան ճանապարհին առկայ բազմաթիւ խոչընդոտներ եւ մօտեցան վերջնական փուլին։
Միաժամանակ ես հանդիպումներ ունեցայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Երկու հանդիպումներուն ալ տեսայ, որ Փաշինեանը հաւատարիմ է նոյն ուղղութեան։
Սահմանային անցակէտերու բացմամբ, փոխադրային ուղիներու գործարկմամբ եւ առեւտուրի աշխուժացմամբ տարածաշրջանը պիտի ստանայ լուրջ դրական ազդակ։
Տարածաշրջանի միւս երկիրները նոյնպէս պիտի կարողանան օգտուիլ համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններէն։ Վստահ եմ, որ ապագային ե՛ւ Ռուսիան, ե՛ւ Իրանը պիտի հասկնան, որ իրենց վախերը ապարդիւն էին», -ըսած է Էրտողանը։