«Ժողովուրդ» օրաթերթը կը գրէ.
«Ժողովուրդ» օրաթերթի տեղեկութիւններով՝ ՀՀ նախկին փոխվարչապետ Սուրէն Պապիկեանի՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին նշանակումը ժամանակաւոր բնոյթ կը կրէ: Կառավարութեան մեր աղբիւրներու փոխանցմամբ՝ Նիկոլ Փաշինեանը Պապիկեանին Պաշտպանութեան նախարարութիւն ուղարկած է մէկ նպատակով՝ հասկնալու համար, թէ ինչ կը կատարուի նախարարութեան մէջ:
Բանն այն է, որ ՊՆ-ի մէջ, սահմանային իրավիճակին զուգահեռ, ներքին գզվռտոց է, եւ պաշտօնեաներէն մինչեւ շարքային միմեանց վրայ կը նետեն որեւէ աշխատանք կատարելու պատասխանատուութիւնը, միմեանց անգործութեան մասին կը հասցնեն ղեկավարներուն եւ այսպէս շարունակ:
Նախարարութեան թափ տալու գործընթաց պիտի սկսի, եւ այդ գործընթացի արդիւնքով ընդհուպ բարձրաստիճան ազատումներ կը սպասուին, այդ շարքին` ԳՇ պետ Արտակ Դաւթեան, անոր տեղակալներ եւ այլ զօրավարներ»: