image

Ըստ «Ժողովուրդ» թերթին` ՄԻՊ-ի նոր թեկնածու`

Ըստ «Ժողովուրդ» թերթին` ՄԻՊ-ի նոր թեկնածու`

«Ժողովուրդ» օրաթերթը կը գրէ.

Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի պաշտօնավարման ժամկէտը 2022-ի Փետրուար 23-ին կ'աւարտի, ու ինչպէս պարզ կը դառնայ իշխանութեան ներակայացուցիչներու յայտարարութիւններէն, Փաշինեանի խմբակիցները մտադիր չեն զայն վերընտրել այդ պաշտօնին:

Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ըսած է, որ Թաթոյեանի պաշտօնավարման աւարտէն ետք «Քաղաքացիական պայմանագիրը» պիտի ներկայացնէ ՄԻՊ գրասենեակի ղեկավարի իր թեկնածուն:

«Ժողովուրդ» օրաթերթի տեղեկութիւններով՝ իշխանութիւնը այդ պաշտօնին համար կը դիտարկէ նաեւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Էտմոն Մարուքեանի թեկնածութիւնը: 

Նշենք, որ ՄԻՊ պաշտօնը ստանձնող անձը պէտք չէ կուսակցական գործունէութիւն ծաւալէ, ու եթէ Մարուքեան համաձայնի ըլլալ իշխանութեան թեկնածուն ու դառնայ օմպուտսմեն, ապա պէտք է հրաժարի կուսակցութեան նախագահի պաշտօնէն ու, առհասարակ, դադրեցնէ կուսակցական գործունէութիւնը:

Յաւելենք, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, Ազգային ժողովի իրաւասու մշտական յանձնաժողովի առաջարկութեամբ, կ'ընտրէ խորհրդարանը` պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու առնուազն 3/5-ով»: