Ռուսիան եւ Ուքրանիան ռազմական հակամարտութեան ընթացքին որպէս զոհ եւ վիրաւոր կորսնցուցած են ընդհանուր մինչեւ 354 000 մարդ։ Այս մասին յայտնած է Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով համացանց արտահոսած ենթադրեալ ամերիկեան հետախուզական փաստաթուղթերը, որոնց իսկութիւնը չէ հաստատուած։
Ըստ փաստաթուղթերու՝ Ռուսիոյ ընդհանուր կորուստները կը կազմեն 189 500-223 000 մարդ, որմէ 35 500-43 000-ը՝ զոհուած, իսկ 154 000-180 000-ը՝ վիրաւորուած:
«Ուքրանիան կրած է 124 500-131 000 մարդու ընդհանուր կորուստ, այդ շարքին 15 500-17 500-ը՝ զոհուած գործողութիւններու ժամանակ եւ 109 000-113 500-ը՝ վիրաւոր»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ՝ հիմնուելով համապատասխան տուեալներու վրայ:
Այս թիւերը մօտ 10 անգամ աւելի մեծ են, քան Մոսկուայի կամ Քիեւի կողմէ զոհերու եւ վիրաւորներու մասին հրապարակուած հրապարակային ցուցանիշերը:
Նաեւ, ըստ փաստաթուղթերու, հակամարտութիւնը կրնայ վերածուիլ «ձգձգուող պատերազմի», որ կը շարունակուի 2023 թուականէն ետք ալ։