Լիբանանցի քաղաքական վերլուծաբան Նիտալ Ալ Սապըհ յայտնած է, որ Տէր Զօրի մէջ Սուրիո՛յ բանակին դէմ Ուաշինկթընի կողմէ հովանաւորուող Միջազգային Դաշինքի ուժերու նախանցեալ օրուան իրագործած յարձակումը ահաբեկչական գործողութիւն կը համարուի եւ անմիջական բախումի առիթ կը ստեղծէ:
«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Սապըհ անմիջական կապ կը տեսնէ 20 սուրիացի զինուորի մահուան պատճառ դարձած յարձակման եւ երեք դէպքերու միջեւ, որոնք են. Սուրիոյ բանակին դէմ իրականացուող իսրայէլեան ուժերու պարբերական յարձակումները, Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող «Ձիթենեաց ճիւղ» գործողութիւնը եւ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեամբ բացայայտուած Սուրիան մասնատելու ԱՄՆ-ի մտադրութիւնը:
Վերլուծաբանը կարծիք յայտնած է նաեւ, որ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ համատեղ ուժերով Տէր Զօրի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ տարուած յաղթանակն արդիւնքով ԱՄՆ Սուրիոյ մէջ անցանկալի իրավիճակի մէջ յայտնուեցաւ, իսկ Ռուսիոյ հաւանութեամբ Աֆրինի մէջ Թուրքիոյ իրականացուցած գործողութիւնները Սուրիան մասնատելու ԱՄՆ-ի ծրագիրները յօդս ցնդեցուցին:
Վերլուծաբանը շեշտած է նաեւ, որ քիւրտերուն աջակցելու ամերիկա-իսրայէլեան կողմի տրամադրուածութիւնը յառաջիկայ շրջանին պատճառ պիտի դառնայ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմական համագործակցութեան, նկատի ունենալով զոյգ երկիրներուն սպառնացող համանման վտանգները: