Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ 2021 թուականը յաջող տարի էր երկրին համար եւ առաջադրուած բոլոր խնդիրները կատարուած են։
Ալիեւ յաւելած է, որ «ամբողջ աշխարհը ընդունեց Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին արդիւնքները»։ «Կը կարծեմ, որ պատերազմէն յետոյ տեղի ունեցած գործընթացները եւս մէկ անգամ ամբողջ աշխարհին ապացուցեցին մեր իրաւացի ըլլալը։ Սա շատ կարեւոր է, քանի որ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին ժամանակ մեր հասցէին անհիմն մեղադրանքներ կը հնչէին։ Այս անհիմն մեղադրանքներէն որեւէ մէկը իրական հաստատում չստացաւ, եւ յետպատերազմեան շրջանը այդ եւս մէկ անգամ ցոյց տուաւ։ Ուստի, կը կարծեմ, որ ռազմական եւ յետպատերազմեան իրողութիւններու ընդունմանը հասնիլը քաղաքական տեսանկիւնէն շատ կարեւոր իրադարձութիւն կարելի է համարել», ընդգծած է ան։