image
Հրատապ լուրեր:

Ընդդիմութիւնը նպատակ ունի վիճարկել «Քովիտ»ի կապուած նոր տնօրինումները

Ընդդիմութիւնը  նպատակ ունի վիճարկել «Քովիտ»ի կապուած նոր տնօրինումները

Խորհրդարանական «Հայաստան» խմբակցութիւնը, հաշուի առնելով հանրային արձագանգը, ինչպէս նաեւ հերթական անգամ քննադատութիւնը անտեսելու իշխանական վարքագիծը, մուտքագրած է Սահմանադրական դատարանին հասցէագրուած դիմում՝ վիճարկելով առողջապահութեան նախարարի 20 Օգոստոս 2021-ի ընդունած եւ Հոկտեմբեր 1-էն ուժի մեջ մտնող հրամանը, որով պատուաստումը կը վերածուի անուղղակի պարտադրանքի, իսկ բոլոր աշխատողներուն վրայ կը դրուի անհամաչափ եւ ոչ-իրաւաչափ պարտականութիւն՝ 14 օրը մէկ սեփական միջոցներով PCR հետազօտում իրականացնել։ Այս մասին ըսուած է ԱԺ «Հայաստան» դաշինքի տարածած յայտարարութեան մէջ:

«Ակնյայտ է, որ այս իշխանութիւնները հերթական անգամ ֆինանսական բեռը թողնում են հանրութեան վրայ, այն պարագայում, որ միջազգային փորձում տարածուած էր այն մօտեցումը, որ հետազօտման ծախսերը հոգում է կառավարութիւնը:

Դիմումի հետ միաժամանակ ներկայացուել է միջնորդութիւն կասեցնել հրամանի գործողութիւնը մինչեւ գործի դատաքննութեան աւարտը:  Սահմանադրական դատարանում որպէս դիմողի ներկայացուցիչ հանդէս կու գայ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, սահմանադրագէտ Արամ Վարդեւանեանը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: