Խորհրդարանական «Հայաստան» խմբակցութիւնը, հաշուի առնելով հանրային արձագանգը, ինչպէս նաեւ հերթական անգամ քննադատութիւնը անտեսելու իշխանական վարքագիծը, մուտքագրած է Սահմանադրական դատարանին հասցէագրուած դիմում՝ վիճարկելով առողջապահութեան նախարարի 20 Օգոստոս 2021-ի ընդունած եւ Հոկտեմբեր 1-էն ուժի մեջ մտնող հրամանը, որով պատուաստումը կը վերածուի անուղղակի պարտադրանքի, իսկ բոլոր աշխատողներուն վրայ կը դրուի անհամաչափ եւ ոչ-իրաւաչափ պարտականութիւն՝ 14 օրը մէկ սեփական միջոցներով PCR հետազօտում իրականացնել։ Այս մասին ըսուած է ԱԺ «Հայաստան» դաշինքի տարածած յայտարարութեան մէջ:
«Ակնյայտ է, որ այս իշխանութիւնները հերթական անգամ ֆինանսական բեռը թողնում են հանրութեան վրայ, այն պարագայում, որ միջազգային փորձում տարածուած էր այն մօտեցումը, որ հետազօտման ծախսերը հոգում է կառավարութիւնը:
Դիմումի հետ միաժամանակ ներկայացուել է միջնորդութիւն կասեցնել հրամանի գործողութիւնը մինչեւ գործի դատաքննութեան աւարտը: Սահմանադրական դատարանում որպէս դիմողի ներկայացուցիչ հանդէս կու գայ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, սահմանադրագէտ Արամ Վարդեւանեանը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: