image
Հրատապ լուրեր:

Ընդդիմադիր պատգամաւորներ այցելած են բերման ենթարկուածներուն

Ընդդիմադիր պատգամաւորներ այցելած են  բերման ենթարկուածներուն

«Հայաստան» դաշինքի եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւորները այցելած են Ոստիկանութեան տարբեր բաժիններ բերման ենթարկուած քաղաքացիները, որոնք կը մասնակցէին 21 Սեպտեմբերի համերգը չեղեալ համարելու պահանջով բողոքի հաւաքին:

«Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Մամիճանեան եւ «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Արթուր Ղազինեան տեսակցած են Երեւանի Կեդրոնի բաժին բերման ենթարկուած 8 քաղաքայիններու հետ:

«Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորներ Էլինար Վարդանեանն ու Հռիփսիմէ Սթամպուլեանը եղած են Ոստիկանութեան Շէնգաւիթի բաժին եւ տեսակցած են այնտեղ բերման ենթարկուած 10 քաղաքայիններու հետ:

Նշուած է, որ Շարլ Ազնաւուրի հրապարակէն բերման ենթարկուած է բողոքի հաւաքի 21 մասնակից: