image
Հրատապ լուրեր:

Յարաբերութիւնները պէտք է քննարկուին. Զատուլին

Յարաբերութիւնները պէտք է քննարկուին. Զատուլին

Ռուս-հայկական յարաբերութիւններուն մէջ ծագող հարցերը «անշրջելի չեն», անոնց լուծման ուղղուած են տարբեր մակարդակներու վրայ հանդիպումներու եւ համաժողովներու կայացումը։ Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»ին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Տումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի նախագահ՝ Կոնսթանթին Զատուլին, որուն մուտքը Հայաստան, ինչպէս աւելի վաղ հաղորդուած էր, արգիլուած է։

Հայաստանի մէջ, ինչպէս յայտնած է Զատուլին, օրերս պէտք է տեղի ունենայ «Լազարեւեան ակումբի» նիստը՝ «Ռուս-հայկական յարաբերութիւններու պատմական անցեալն ու ներկան» թեմայով։ Նախօրէին քաղաքական գործիչը իմացած էր, որ իրեն հանրապետութեան մէջ անցանկալի անձ ճանչցած են։

Պատասխանելով երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման մասին հարցին՝ ան ըսած է, որ այն, ինչ այսօր կը կատարուի ռուս-հայկական յարաբերութիւններուն մէջ, «անշրջելի» չի համարեր։ Անոր խօսքով՝ շփումներու զարգացման ուղղուած են նաեւ երկու երկիրներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպումները։

«Ինչպէս գիտենք, կը սպասուի նախագահ Փութինի ու Ալիեւի հանդիպումը Փաշինեանի հետ։ Մեծ յոյս ունիմ, ըստ էութեան անոր համար կ'ենթադրուէր Ակումբի կայանալը, որ նման քննարկումը, անոր ուշադրութիւն հրաւիրելը, սթափեցնէ անոնց, որոնք այսօր Հայաստանի մէջ, ոչ միայն կառավարութիւնը, այլ նաեւ անոր սատարող ուժերը, նկատի ունիմ պլոգըրները, որոնք Հայաստանի մէջ արեւմտեան դրամաշնորհներով կը կերակրուին, ամերիկեան դեսպանատան հետ կապերով, արեւմտեան երկիրներու դեսպանատներով, բոլորը խելքի կու գան եւ ուղղակի ծանր ու թեթեւ կ'ընեն, թէ ինչը ինչի հետ անոնք կը փոխեն»,- ըսած է Զատուլին։