image

Whatsapp-էն Նոր «անակնկալ»

   Whatsapp-էն  Նոր   «անակնկալ»

Համացանցային հաղորդակցութեան յաւելուած՝ Whatsapp-ը յայտարարած է, թէ կը թողարկէ նոր առաւելութիւն մը՝ մէկ անգամուայ համար ցուցադրելու ընտրանքը: 

 Այս մասին գրած է  Skynews-ը։

Ըստ աղբիւրին, հաղորդակցութեան ընկերութիւնը այս առաւելութիւնը աւելցուցած է իր յաւելուածի ծառայութիւններուն վրայ ընդառաջելով օգտատէրերու փափաքին: Նոր առաւելութիւնը թոյլ կ'ուտայ նկարներ կամ տեսանիւթեր ուղարկող օգտատէրին, նախքան ուղարկելը ընտրել մէկ անգամուայ համար ցուցադրել առաւելութեան օգտագործումը ապա ուղարկել, եւ ստացողը մէկ անգամ դիտելէ ետք տեսանիւթը կամ նկարը, անիկա ինքնաբերաբար կը ջնջուի: 

Այս նոր առաւելութիւնը նաեւ, ուղարկելէ առաջ այն հաղորդագրութիւնը, որ կը ներառէ նկարներ կամ տեսանիւթեր, կը զգուշացնէ օգտատէրը, որ արդեօք վստահելի անձերու կը յղէ նիւթը, որովհետեւ ստացող կողմը տակաւին կարելիութիւն ունի, պաստառային նկար (scrennshot) ընելու կամ նոյնիսկ տեսանիւթը ձայնագրելու, ինքնաբերաբար ջնջուելէն առաջ:

Ընկերութեան համաձայն, այս նոր ընտրանքի գործածութիւնը աւելիով կը նպաստէ օգտատէրի գաղտնիութեան վերահսկողութեան: Միւս կողմէ, եթէ  այս ձեւի հաղորդագրութիւն ստացող կողմը կ'ուզէ զեկուցել նիւթի մասին, անիկա կ'ուղարկուի ընկերութեան անվտանգութեան բաժինը քննութեան ու ստուգման համար:

Ի դէպ, Whatsapp յաւելուածը յաճախ կը ծանուցէ թէ հաղորդագրութիւնները գաղտնագրուած են, բայց եթէ կողմերէն մէկը կը զեկուցէ նիւթի մը մասին, անոր գաղտնազերծուած օրինակը կ'առաքուի ընկերութեան: 

Ըստ մասնագէտ դիտորդներուն, այս առաւելութիւնը կրկնօրինակ մը կը համարուի Snapshot-ի եւ Instagram-ի 2017-ի թուականի  թողարկումներուն։