Ռուսիոյ նկատմամբ Ուքրանիոյ յաղթանակը մօտ ապագային չի սպասուիր:
Այդ մասին ըսած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէփ Պորել, յայտնած է ՌԻԱ Նովոսթի:
«Մենք շատ խնդիրներ ունինք, առաջին հերթին՝ Ուքրանիան, ուր Ռուսիոյ նկատմամբ արագ յաղթանակ չի սպասուիր»,- ըսած է Պորել Մալակայի մէջ գումարուած Եւրոպացի ընկերվարականներու կուսակցութեան համաժողովին: