Ուքրանիա ռուսական լայնածաւալ ներխուժման սկիզբէն ի վեր 494 երեխայ մահացած է եւ աւելի քան 1051 երեխայ տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած։ Այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը՝ յղում ընելով անչափահասներու հարցով դատախազներու պաշտօնական վիճակագրութեան, գրած է tv8.md։
Դատախազութեան տուեալներով՝ ամէնէն շատ երեխաներ տուժած են Տոնեցքի մէջ՝ 472, Խարքովի՝ 297, Քիեւի՝ 129, Խերսոնի՝ 115, Զապորոժյէի՝ 91, Նիքոլայեւի՝ 89, Տնեփրոփեթրովսքի՝ 83, Չեռնիկովի՝ 71, Լուկանսքի մարզերուն մէջ՝ 67։
ՄԱԿ-ի տուեալներով՝ 500-օրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուած է աւելի քան 500 երեխայ։ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի սկիզբէն ի վեր՝ 2022 թուականի 24 փետրուարէն, զոհուած խաղաղ բնակիչներու ընդհանուր թիւը գերազանցած է 9 հազարը։