image

Ուքրանիոյ մէջ յատուկ ռազմական գործողութիւնը կ'աւարտի մինչեւ տարեվերջ. Ռամզան Քատիրով

Ուքրանիոյ մէջ յատուկ ռազմական գործողութիւնը կ'աւարտի մինչեւ տարեվերջ. Ռամզան Քատիրով

Ուքրանիոյ մէջ յատուկ ռազմական գործողութիւնը կ'աւարտի մինչեւ տարեվերջ, յայտարարած է Չեչնիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրովը՝ Չեչնիոյ ազգային քաղաքականութեան, արտաքին յարաբերութիւններու, մամուլի եւ տեղեկատւութեան նախարար Ահմետ Տուտաեւին տուած հարցազրոյցին, որ հրապարակուած է վերջինիս թելեկրամեան ալիքին վրայ։

«Մինչեւ տարեվերջ յատուկ գործողութիւնը կ'աւարտի: Եւրոպական երկիրները կը գիտակցին իրենց գործողութիւններու սխալը, Արեւմուտքը ծունկի կու գայ, եւ ինչպէս միշտ, եւրոպական երկիրները կը համագործակցին բոլոր ոլորտներու մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ: Այլ կերպ պէտք չէ ըլլայ ու չըլլար»,- ըսած է Քատիրովը: