Պուլկարիոյ նախագահ Ռումըն Ռաթեւ յայտարարած է, որ Պրիւքսելի մէջ կայացած Եւրոպական խորհուրդի ժամանակ շատ խօսուած է Ուքրանիան սպառազինելու մասին, բայց գրեթէ չէ քննարկուած ուքրանական հակամարտութեան դադրեցումը, որ կը տանի Եւրոպան դէպի անդունդ։
Այս մասին հաղորդած է Ռիա Նովոսթին՝ յղում ընելով BNR ռատիոկայանին։
Պուլկարիոյ նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ մէջ ուժային ճանապարհով խաղաղութեան հասնելու Եւրոպայի դիրքորոշումն անիրատեսական կը թուի։