Փոքրովսքիի ուղղութեամբ «մարտերը բացառիկ ծանր են»:
Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ Զինուած Ուժերու հրամանատար Ալեքսանդր Սիրսքի։
Անոր խօսքով՝ այս ուղղութեամբ իրավիճակը ներկայիս ամենաբարդն է։
«Պայքարը չափազանց դաժան է։ Թշնամին մարտի մէջ կը նետէ այն ամէնը, ինչ կրնայ շարժիլ եւ յարձակիլ՝ փորձելով ճեղքել մեր զօրքերու պաշտպանութիւնը։
Մեր զինուորները արիութիւն եւ հերոսութիւն կը ցուցաբերեն թշնամիի գերակայ ուժերուն հետ մարտերուն»,-թելեկրամեան իր ալիքով գրած է ան։