image

Ոչ ոք կրնայ հաւատալ որ ԼՂ դէմ ռազմական գործողութիւնը կանխամտածուած չէ եղած. Ֆրանսայի ԱԳ նախարար

Ոչ ոք կրնայ հաւատալ որ ԼՂ դէմ ռազմական գործողութիւնը կանխամտածուած չէ եղած. Ֆրանսայի ԱԳ նախարար

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստի ժամանակ յայտարարած է` Ֆրանսան հրատապ նիստ հրաւիրած է` հաշուի առնելով իրավիճակի լրջութիւնը:

«Մի քանի շաբաթ մեծածաւալ զօրք եւ ռազմական տեխնիկա կուտակելէ ետք Ատրպէյճանը որոշեց լայնամաշտապ գործողութիւններ նախաձեռնել, որոնք կ'իրականացուէին մեծ մաշտապով եւ հետեւանքներ կ'առաջացնէին քաղաքացիական բնակչութեան համար, գործողութիւն, որ ոչ ոք կրնայ հաւատալ, որ կանխամտածուած չէ եղած: Ֆրանսան անմիջապէս եւ կտրուկ դատապարտեց այս անընդունելի յարձակումը, մենք միակ երկիրը չենք, շարք մը երկիրներ եւս կը ժխտեն այս վարքը` կոչ ընելով Ատրպէյճանին զսպուածութիւն ցուցաբերելու: Այս գործողութեան հետեւանքը յատկապէս ծանր եղաւ, այստեղ մարդիկ զոհուած են, քաղաքացիական անձինք, այդ շարքին`երեխաներ»,-ըսած է ան:

Քոլոննան նշած է` հրադադարը կենսական կարեւորութիւն ունէր, կարեւոր է այն պահպանել: Ան ընդգծած է` Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը չէ, որ հարցի տակ կը դրուի, վտանգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայ ժողովուրդի` իրենց իրաւունքներով ու պատմութեամբ ու մշակոյթի յարգմամբ ապրելու հնարաւորութիւնը, բայց այդ հնարաւորութիւնը չկայ, եթէ ուժեղ կողմը թոյլի նկատմամբ դիտաւորեալ ուժ կը գործադրէ:

«Լեռնային Ղարաբաղը որքան ժամանակ է շրջափակման մէջ է, որ թոյլ չի տար ստանալ սնունդ, դեղորայք եւ ելեկտրականութիւն: Ֆրանսան ի գիտութիւն կ'ընդունի նախագահ Ալիեւի երէկուան յայտարարութիւնը, որով ան ըսած է, որ կ'ուզէ խաղաղութեան մէջ ապրիլ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու հետ եւ պահպանել անոնց իրաւունքները, այդ բառերը Ատրպէյճանի յանձնառութիւնն են, անոնք պատասխանատւութիւն կը կրեն բնակչութեան ճակատագրի համար: Եթէ ան կ'ուզէ խաղաղ եւ բանակցուած լուծման հասնիլ, ապա պարտաւոր է այստեղ շօշափելի երաշխիքներ տալ, բարեխղճօրէն քննարկումներ ծաւալել, որ պիտի չգործադրէ ուժ կամ ուժի սպառնալիք, պարտաւոր է ապահովել համաներում այն զինուորականներու, ուժերու նկատմամբ, որ ընդունած են հրադադարը, պարտաւոր է արագ եւ առանց ձգձգման ապահովել Լաչինի միջանցքով երթեւեկութիւնը, պարտաւոր է ընդունիլ միջազգային մարդասիրական ներկայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, որ կենսական է, քանի որ կը մօտենայ ձմեռը»,- ըսած է ան: