image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ եւս է Ռաֆայէլ Քոթանճեանը

Ոչ եւս է Ռաֆայէլ Քոթանճեանը

Մահացած է Ժողովրդական արուեստագէտ Ռաֆայէլ Քոթանճեանը: 

Ռաֆայէլ Արտիոմի Քոթանճեանը ծնած էր 1942 թուականին Թիֆլիսի մէջ, 1946–ին ընտանիքը տեղափոխուած է Երեւան:

1960-964 թուականներուն ուսանած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկի դերասանական բաժանմունքը: 1964-966 թուականներուն որպէս դերասան եւ բեմադրիչ աշխատած է Զանգեզուրի Շիրվանզադէի անուան թատրոնին մէջ եւ այստեղէն սկսած է անոր ասպարէզը:

Խաղցած է բազմաթիւ ֆիլմերում մէջ․ «Քաոս», «Ադամանդէ ձեռքը», «Օտար խաղեր», «Մեր բակը», «Կոմսուհի դը Մոնսորօ», «Պատուի համար» եւ այլն:

1980 թուականին արժանացած է ՀԽՍՀ վաստակաւոր արուեստագէտի կոչման, 2003 թուականին արժանացած է ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտի կոչման, ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան ոսկէ մետալի եւ ՀՀ «Մովսէս Խորէնացի մետալ»ի, 2017 թուականին «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» 1-ին աստիճանի շքանշանի եւ այլ պարգեւներու: