Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին կը նախատեսէ մասնակցիլ G20-ի առցանց գագաթնաժողովին, որ պիտի կազմակերպուի Հնդկաստանի կողմէ եւ կայանայ նոյեմբեր 22-ին, այս մասին հաղորդած է «Ռոսիա-1» հեռուստաալիքը։
«Ռուսիոյ նախագահը եւ արեւմտեան երկիրներու ղեկավարները երկար ժամանակ անց առաջին անգամ կրնան մասնակցիլ նոյն միջոցառման։ Յաջորդ շաբաթ տեղի պիտի ունենայ G20-ի առցանց գագաթնաժողովը։ Եւ կ՚ակնկալուի, որ ատոր պիտի մասնակցի Վլատիմիր Փութինը»,- Telegram-ի իր ալիքին յայտնած է «Մոսկուա։ Քրեմլ։ Փութին» ծրագրի հաղորդման հեղինակ եւ վարող Պաւել Զարուպինը։
G20 առցանց գագաթնաժողովին Վլատիմիր Փութինի հնարաւոր ելոյթի թեման դեռ չէ բացայայտուած։
Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին Նիւ Տելհիի մէջ սեպտեմբեր 9-10-ը կայացած G20 գագաթնաժողովի ժամանակ առաջարկած էր նոյեմբերին առցանց ձեւաչափով հանդիպում կազմակերպել խումբի ղեկավարներու հետ։ Ան նշած էր, որ կրնան քննարկուիլ սեպտեմբերեան գագաթնաժողովին առաջնորդներու ներկայացուցած առաջարկները՝ ատոնց իրագործումն արագցնելու նպատակով։
Ռուսիայէն Նիւ Տելհիի մէջ գագաթնաժողովին ներկայ գտնուած էր արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը գագաթնաժողովին Ռուսիոյ նախագահի բացակայութիւնը բացատրած էր անով, որ պետութեան ղեկավարը «կարիք չունի» շփուելու G20-ի միւս երկիրներու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու հետ։
G20-ի առցանց գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ նոյեմբեր 22-ին։ Հնդկաստանը, որ կը նախագահէ G20-ը, նախօրօք միջոցառման մասնակցելու հրաւէր ուղարկած է խումբի երկիրներու բոլոր առաջնորդներուն։