image

Վերջին պատերազմը Ռուսիոյ «ձեռքի գործ»ն էր. Մաքրոնէն ծանր մեղադրանք

Վերջին պատերազմը Ռուսիոյ «ձեռքի գործ»ն էր. Մաքրոնէն ծանր մեղադրանք

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն մեղադրած է Ռուսիան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջին բախումները միտումնաւոր հրահրելու մէջ՝ Կովկասի տարածաշրջանին եւ անկէ դուրս իրավիճակը ապակայունացնելու նպատակով, գրած է Reuters-ը։

Գործակալութիւնը նշած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 2020 թուականէն ի վեր ամենասարսափելի մարտերը տեղի ունեցած են սեպտեմբերին, որոնց հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 200 մարդ։

France 2 հեռուստաընկերութեան հետ զրոյցի ժամանակ Մաքրոն ըսած է, որ Մոսկուան վերջին ամիսներուն լարուածութիւն բորբոքած է յօգուտ Ատրպէյճանի:

«Ինչ կը կատարուի սահմանին վերջին երկու տարիներուն... 5000 ռուս զինուոր ենթադրաբար այնտեղ է, որպէսզի երաշխաւորէ սահմանը, (բայց) ռուսերը օգտագործած են մի քանի դարու պատմութիւն ունեցող այս հակամարտութիւնը: Անոնք Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ խաղցած են Ատրպէյճանի խաղը, որ ծառայած է Ռուսիոյ համար մտերիմ համարուող Հայաստանի թուլացման: Կը տեսնէ՞ք, թէ ինչ կը կատարուի, այդ Ռուսիոյ կողմէ ապակայունացման փորձ է, ան կ'ուզէ անկարգութիւններ ստեղծել Կովկասի մէջ՝ մեզ բոլորս ապակայունացնելու համար»,-ըսած է Մաքրոն։

Անցեալ շաբաթ Մաքրոն Փրակի մէջ հանդիպած է  Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի,  Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ, որու ընթացքին որոշուած է ԵՄ քաղաքացիական առաքելութիւն ուղարկել դէպի երկիրներու սահման՝ իրավիճակը գնահատելու համար: