image

Վասն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ. Դոկտ. Արա Սանճեանի գրառումը

Վասն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ. Դոկտ. Արա Սանճեանի գրառումը

Հանրայայտ պատմաբան Դոկտ. Արա Սանճեան կը գրէ՝

Ո՛չ ջերմեռանդ հաւատացեալ եմ, ո՛չ ալ՝ թունդ անաստուած... Անկախ այդ երեւոյթի ծագումէն, հաւատացող մըն եմ թէ կրօնական սկզբունքները ունին ներուժ հասարակութիւնը բարելաւելու՝ եթէ ընտրենք ու կիրարկենք այդ սկզբունքներէն հիմնականները։

Այսօր յստակացաւ թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, առնուազն՝ Հայաստանի մէջ, իսկապէս կարիք ունի Աստուածային ողորմածութեան...

Որովհետեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, եթէ իսկապէս ինքնուրոյն միաւոր է՝ ենթակայ միա՛յն Աստուծոյ կամ Քրիստոսի, զանիկա պէտք է փրկել «թունդ պետականասէր» իշխանականներէն, «թունդ ազգասէր» ընդդիմադիրներէն եւ նոյնիսկ իր իսկ հոգեւորականներէն...

Այլեւս բաւարար ապացոյց կայ առանց որեւէ տատամսումի հաստատելու համար թէ մերօրեայ «թունդ պետականասէրներուն» եւ «թունդ ազգասէրներուն» համար անհատ հոգեւորական մը «սրբացնելու» կամ անոր իսկական կամ ենթադրեալ մեղքերը յիշելու սահմանագիծը միա՛յն մէկն է՝ հայաստանեան ներքաղաքական պայքարին մէջ այդ հոգեւորականին դիրքաւորուածութիւնը։ Ուրիշ որեւէ արժանիք կամ թերութիւն ըստ պարագայի անկարեւոր է կամ ներելի...

Ողբա՜մ ճակատագիրդ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի հաստատութիւն...