Եթէ դաժան քաղցկեղին յայտնութենէն ետք կրցանք հաւատքով ու աղօթքով յոյսի հորիզոններ ստեղծել մեր սիրելիին համար, ապա նախաքայլ մը արձանագրեցինք դէպի մխիթարութիւն:
Եթէ ամենայն սիրով ու պատրաստակամութեամբ խնամեցինք եւ հոգացինք մեր հարազատին կարիքները, ուրեմն ճամբայ մը հատեցինք դէպի մխիթարութիւն:
Եթէ կարեկից ու ցաւակից դարձանք տառապանքին եւ ամոքեցինք մեր սիրելիին վիշտը, փարատեցինք անոր վախերը, հանդարտեցուցիք իր մէջ թաւալող յուսահատութեան ալիքները, ապա երկա՜ր ուղի մը կտրեցինք դէպի մխիթարութիւն:
Վերջապէս նո՛յն նուիրումն ու անսակարկ սէրը, զորս տրամադրեցինք մեր սիրելիին, օր մը պիտի դառնան «ջրառատ ովասիս» ու «անապատի մանանայ» եւ պարգեւեն մեզի գոյատեւելու կամք, մղիչ ներուժ, սպիտակ խիղճ ու վարդագոյն մխիթարանք:
Լիբանանահայ Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան կը գրէ՝
Վարդագոյն ժապաւէն մըն է, որ կը յայտնուի Հոկտեմբեր ամսուն այլազան վայրերու մէջ եւ հարթակներու վրայ: Այս ժապաւէնը արթնութեան պատգամ կը յղէ իգական սեռին, զգուշացնելով զանոնք կրծքագեղձի քաղցկեղէն (Breast cancer), միաժամանակ կը թելադրէ, որ կանայք ենթարկուին բժշկական քննութեան (ultrasound and mammogram), որովհետեւ քաղցկեղին կանուխ յայտնաբերումը կամ ախտաճանաչումը կրնայ ամբողջովին բուժելի դարձնել զայն:
Այս վարդագոյն ժապաւէնը, որուն երկայնքը քսան սանթիմեթրը չանցնիր, զիս «կը փոխադրէ» երկու անգամ քսան եւ աւելի տարիներ ետ, երբ քաղցկեղը հազուադէպ եւ խորհրդաւոր երեւոյթ մըն էր, որուն մասին խօսակիցներ «յատուկ ոճով» եւ զգուշաւորութեամբ կ՚արտայայտուէին։ Անոնք կը փսփսային իրարու եւ «գէշ հիւանդութիւն» պիտակին տակ «կը թաղէին» քաղցկեղին ե՛ւ եղելութիւնը, ե՛ւ «գաղտնիքը»:
Ես տասը տարեկան էի, երբ մայրս ախտաճանաչուեցաւ կրծքագեղձի քաղցկեղով: Վեց տարուան գողգոթայի մը ականատեսն էի, որուն ընթացքին մօրս վրայ այլազան բուժման ձեւեր կիրարկուեցան՝ վիրաբուժական միջամտութիւն, ճառագայթով բուժում (radiotherapy) եւ քիմիական դեղերու սրսկում (chemotherapy): Ինծի համար ե՛ւ զարմանալի, ե՛ւ յուզիչ էր տեսնել մօրս գլխէն թափթփող մազի փունջերը եւ անոր կուրծքին վրայ ճառագայթի բուժման պատճառած այրուածքի վէրքերը: Նոյնպէս անբացատրելի եւ տարօրինակ էր մօրս աջ թեւին ծաւալը, որ այտուցուած ու եռապատիկը դարձած էր ձախ թեւին։ Երեք շաբաթը անգամ մը ներարկուող քիմիական սրսկումներուն հանդէպ անհանդուրժող դարձած էին մօրս երակները, սակայն բժիշկները կը յամառէին եւ բազմաթիւ փորձերով կը ծակծկէին մօրս ձեռքերն ու ոտքերը, երբեմն ալ վիրաբուժական նշդրակով կը ճեղքէին մաշկը՝ հասնելու համար պահուըտած երակին...: Քիմիական սրսկումներուն կը յաջորդէին անախորժ վիճակներ..., զորս տանելի դարձնելու համար այլ սրսկումներ ալ կը կատարուէին:
Այս վեց տառապալից տարիներու ընթացքին, մայրս ո՛չ մէկ օր թերացաւ մեզի լաւագոյնս խնամելու դերին մէջ, ո՛չ մէկ օր հրաժարեցաւ ճաշ եփելէ, մեր դպրոցական սանտուիչները պատրաստելէ եւ մեզի համար գեղեցիկ հագուստ-կապուստ հայթայթելէ:
Յանկարծակի խոհանոց կը մտնէի եւ կը տեսնէի մօրս արցունքոտ աչքերը եւ վշտահար դէմքը: Խոհանոցը՝ մօրս խոհերու մեկուսարանն էր, ուր իր վիշտը կը կիսէր իր լուացած պնակներուն հետ...: Երբեմն հոգոցի մը ընդմէջէն լսելի բառեր կը սպրդէին իր բերնէն. «Գոնէ սա պզտիկը տեղ մը հասցնէի»: Քոյրս՝ Արփին, մօրս երեք զաւակներէն ամէնէն փոքրն էր, ան հազիւ երկու տարեկան էր... հետեւաբար, մօրս մեծագոյն մտահոգութիւնն էր: Խոհանոցի պատերէն դուրս, մայրս ոչ մէկուն հետ կիսեց իր ցաւը, ոչ տրտնջաց, ոչ ալ իր բախտէն դառնացաւ: Ան իր ձեռքին մէջ վարդագոյն ժապաւէն չունէր, բայց իր դէմքին պահեց վարդագոյն ժպիտը, թէեւ օրէ օր թախիծը աւելի ակնյայտ կը դառնար իր գեղեցիկ ու կանաչ աչքերուն մէջ:
Մայրս ամէն Կիրակի ճշդապահօրէն
եկեղեցի կը յաճախէր: Աչքէս բնաւ չի հեռանար «վերջին Կիրակի» օրուան պատկերը: Մայրս հագած էր մանիշակագոյնով ճերմակ հագուստ մը, որուն տակ կը հեւար իր գեր-յոգնած ու շնչասպառ մարմինը: Թէեւ մօրս մեղկ ոտքերը կը կթոտէին, բայց ինք կը յամառէր բարձրանալ եկեղեցւոյ աստիճանները:
Հաւատացէ՛ք, որ սա հպանցիկ պատկեր մըն էր մօրս վեցամեայ գողգոթայէն, որուն աւարտը կրնար այլ ըլլար, եթէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը չըլլար: Մայրս կը բուժուէր Արեւմտեան Պէյրութի Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ, սակայն պատերազմը պարտադրեց, որ մօրս բուժումը շարունակուի Արեւելեան Պէյրութի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ...: Դժբախտաբար քառասունհինգ տարեկան մայրս 16 Նոյեմբեր 1976-ին մեկնեցաւ այս աշխարհէն եւ միացաւ իր երկնային ընտանիքին:
Պիտի խուսափիմ անդրադառնալէ դառնալից մանրամասնութիւններուն, որոնք մօրս մահէն ետք վիճակուեցան մեր ընտանիքի անդամներուն...:
Վերադառնանք վարդագոյն ժապաւէնին: Այսօր շատեր այս ժապաւէնը կը կրեն իրենց կուրծքին կամ դաստակին վրայ, որպէս նեցուկ (support) եւ զօրավիգ քաղցկեղէ տառապողներուն: Եթէ անցեալին այս ժապաւէնին գործածութիւնը ընդհանրացած ըլլար, ապա զայն իրաւացիօրէն հագնողը հայրս պիտի ըլլար: Ան մօրս խնամելու դերին մէջ ոչինչ խնայեց: Բժշկական ծառայութիւնները եւ դեղօրայքը ապահովելէ անդին՝ ըրաւ այն բոլոր գործերը, որ արեւելքցի տղամարդիկը «կնիկի գործ» կը սեպեն...:
Հայրս անսակարկ սիրով նուիրուեցաւ մօրս եւ թեւ-թիկունք դարձաւ անոր։ Իր հոգատար ու սիրալիր վերաբերմունքը լաւագոյն կենդանի օրինակն էր մեզի: Ես ալ իմ կարգիս ըրի այն ամէնը, որ տասը տարեկանները չէին ըներ…: ինծի համար շաբաթավերջը եւ տօնական արձակուրդի օրերը, մեր տան գործերը լրացնելու օրեր էին...: Իսկ քոյրս՝ Արփին, ան երբեք մանուկ չեղաւ...: Իր հասակին «չսազող» ինքնուրոյն եւ հասկցող դարձաւ։
Այսօր քաղցկեղը անբուժելի չէ, ոչ ալ մահավճիռ է: Բժշկութիւնը նոր հնարքներով եւ դեղամիջոցներով գրեթէ հրաշքներ կը գործէ, սակայն ոմանց պարագային քաղցկեղը կը յամառի...: Կը դառնայ երկսայրի տապար ու անխնայ կը հարուածէ ե՛ւ հիւանդը, ե՛ւ անոր անմիջական սիրելիները...:
«Ակնթարթի» մը մէջ կը կատարուի սարսափելին եւ դառնութիւնը կը պատէ սգակիրին աշխարհը…։ Դժուարագոյն հարցումը, որ կը ծագի անոր միտքին մէջ. «ինչպէ՞ս կարենալ մխիթարուիլ...»:
Յիշենք վարդագոյն ժապաւէնը...:
Եթէ դաժան քաղցկեղին յայտնութենէն ետք կրցանք հաւատքով ու աղօթքով յոյսի հորիզոններ ստեղծել մեր սիրելիին համար, ապա նախաքայլ մը արձանագրեցինք դէպի մխիթարութիւն:
Եթէ ամենայն սիրով ու պատրաստակամութեամբ խնամեցինք եւ հոգացինք մեր հարազատին կարիքները, ուրեմն ճամբայ մը հատեցինք դէպի մխիթարութիւն:
Եթէ կարեկից ու ցաւակից դարձանք տառապանքին եւ ամոքեցինք մեր սիրելիին վիշտը, փարատեցինք անոր վախերը, հանդարտեցուցիք իր մէջ թաւալող յուսահատութեան ալիքները, ապա երկա՜ր ուղի մը կտրեցինք դէպի մխիթարութիւն:
Վերջապէս նո՛յն նուիրումն ու անսակարկ սէրը, զորս տրամադրեցինք մեր սիրելիին, օր մը պիտի դառնան «ջրառատ ովասիս» ու «անապատի մանանայ» եւ պարգեւեն մեզի գոյատեւելու կամք, մղիչ ներուժ, սպիտակ խիղճ ու վարդագոյն մխիթարանք: