image

Վանօ Սիրադեղեանի թաղման համար յատուկ յանձնաժողով

Վանօ Սիրադեղեանի թաղման համար յատուկ յանձնաժողով

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ՝ գրող, պետական գործիչ Վանօ Սիրադեղեանի մահուան կապակցութեամբ ստեղծուած է թաղման յանձնաժողով: 

Յանձնաժողովը պիտի ղեկավարէ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը։

Յանձնաժողովի կազմին մէջ են ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Վահագն Խաչատուրեանը, ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը, ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի տեղակալ Վաչէ Տէրտէրեանը, ՀՀ առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Արմէն Նազարեանը, ՀՀ ոստիկանութեան պետի տեղակալ Կամօ Ցուցուլեանը, Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Գայիանէ Մելքոմ Մելքոմեանը (համաձայնությամբ), Վանօ Սիրադեղեանի որդին` Խաչատուր Սիրադեղեանը եւ այլք:

Նշենք, որ Վանօ Սիրադեղեանը մահացած է 15 Հոկտեմբերին, 75 տարեկան հասակին: Անոր կինը՝ Ռուզան Տօնոյեանը, աւելի վաղ յայտնած էր, որ Սիրադեղեանի աճիւնը Հայաստան պիտի տեղափոխուի: