Սեպտեմբերի 7-ին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ:
Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ՝ ժամը 18:25-ի սահմաններուն «Աստղիկ» բժշկական կեդրոնէն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան Մալաթիայի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ «բաց գանկուղեղային վնասուածք, էպիդուրալ հետմատոմա (արեան կուտակում ուղեղը շրջապատող արտաքին թաղանթի (կարծրենի) եւ գանկոսկրերի միջեւ), թոքերու սալջարդ» ախտորոշմամբ իրենց մօտ բուժօգնութեան տեղափոխուած է երեխայ մը:
Բժիշկները առաջին անհրաժեշտ բուժօգնութիւնը ցուցաբերելէ ետք երեխային ծայրայեղ ծանր ախտորոշմամբ տեղափոխած են «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոն եւ երեխային շտապ ուղեկցած են վերակենդանացման բաժանմունք:
Մալաթիայի ոստիկանները պարզած են, որ երեխան հիւանդանոց տեղափոխուած է Շերամի փողոցէն, ուր երեխայի 40-ամեայ մայրը քանի մը վայրկեանով բացակայած է հիւրասենեակէն, որու ժամանակ 2-ամեայ աղջնակը անզգուշութեամբ 2-րդ յարկի բնակարանի պատուհանէն վար ինկած է:
Դէպքի փաստով Հայաստանի Քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Մալաթիայի քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է վարոյթ: