Գանատայէն բօթ ստացանք։ Վախճանած է Գանատայի Լաւալ քաղաքի երկար տարիներու հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Հրայր աւ. քհնյ. Նիկոլեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկագաւ Գանատայի Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան, Թեմիս Կրօնական ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը եւ Հոգեւորականաց դասը խոր ցաւով կը գուժեն վախճանումը`
Տ. ՀՐԱՅՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՆԻԿՈԼԵԱՆԻ
որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 14 Յուլիս 2023-ին։
Տէր Հայրը երկար տարիներ ծառայած էր Գանատայի Հայոց Թեմէն ներս որպէս Հոգեւոր Հովիւ Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ համայնքին։ Վերջին տարիներուն տեղափոխուած էր Յունաստան եւ կը շարունակէր իր ծառայութիւնը տեղւոյն Թեմէն ներս։
Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Երէցկնոջ եւ զաւակներուն ու հարազատներուն։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
Տեղին կը համարենք յիշեցնել, որ մասնաւորապէս վերջին տարիներուն Տէր Հայրը փոխադրուած էր՝ Աթէնք, Յունաստան, ուր կամաւոր կերպով կը ծառայէր Աթէնքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։