image

Վախճանած է Արեւմտեան Թեմի երկարամեայ Առաջնորդներէն՝ Գերշ. Տ.Վաչէ արք. Յովսէփեան

 Վախճանած է Արեւմտեան Թեմի    երկարամեայ   Առաջնորդներէն՝ Գերշ. Տ.Վաչէ արք. Յովսէփեան

Լոս Անճելըսի մէջ  իր աչքերը յաւերժին  փակած է Թեմի երկարամեայ եւ կարող  առաջնորդներէն՝ Գերշ. Տ. Վաչէ  արք. Յովսէփեանը։

 

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Թեմին կողմէ   յղուած  կարճ մահագրականէն, որուն ներքեւ  ալ իր ստորագրութիւնը դրած է Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանը։

 Ստորեւ կը ներկայացնենք կարճ մահագրականը,  մեր  վշտազգաց ցաւակցութիւնները   յայտնելով Թեմակալ  Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք.ին, Թեմի պաշտօնէութեան, հոգեւորականաց դասուն եւ    եկեղեցասէր հայ  հասարկութեան։

 Լոյսերու մէջ  ամփոփուի  վաստակաշատ Սրբազանին հոգին։

 

 

Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱՒ

Տ․ ՎԱՉԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԸ

 

Այսու կուգանք խոր ցաւով յայտնելու վախճանումը Հայաստանեայց Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ երիցագոյն եւ վաստակաշատ հոգեւորականերէն եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան՝ Տ․ ՎԱՉԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՍ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԻ։

Հանգուցեալ Սրբազան Հօր կենսագրութեան եւ թաղմանական արարողութեանց հետ կապուած այլ մանրամասնութիւններ պաշտօնապէս կը յայտարարենք յառաջիկայ օրերուն։

Այսու մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Տ․ Վաչէ Արքեպիսկոպոս Յովսէփեանի ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն եւ Թեմի հոգեւորականաց դասուն եւ հաւատացելոց։

Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ հանգուցեալ Սրբազան Հօր հոգին երկնային օթեւաններուն մէջ իր յաւիտենական հանգիստը գտնէ։

Յիշատակն արդարոց օրհութեամբ եղիցի։

 

Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան

Առաջնորդ Միացեալ Նահանգաց Արեւմտեան Թեմի

18 Դեկտ․ 2022

Պըրպէնք