image

Ծանր Ահաբեկչութիւն Փարիզի Մէջ. Պայթումներ, Առեւանգեալներ Եւ Տասնեակ Զոհեր (Լրացուած)

Ծանր Ահաբեկչութիւն Փարիզի Մէջ. Պայթումներ, Առեւանգեալներ Եւ Տասնեակ  Զոհեր (Լրացուած)

 Ֆրանսա- Ծանր ահաբեկչութիւն  գրանցուած է Փարիզի մէջ:   Եւրոպական լրատուական  աղբիւրներ  կը հաղորդեն, որ   Փարիզի տարբեր հատուածներու մէջ ահաբեկչական  յարաձկումներ գրանցուած են:   «Տը Կարտիեըն» կը յայտնէ, որ  յարձակումներուն  հետեւանքով զոհերուն թիւը անցած է 30 -ը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ  Ֆրանսայի մայրաքաղաքի 10–րդ  թաղամասին մէջ եղող ճաշարանի մը մէջ ահաբեկիչներ կրակ բանալէ բացի 100  պատանդ վերցուցած են:    Նոյն  աղբիւրը նաեւ հաղորդեց,  որ պայթիւնի ձայներ  լսուած են   Փարիզի «Սթատ Տիւ Ֆրանս»ի շուրջ, ուր կ'ընթանար  Ֆրանսա- Գերմանիա Ֆութպոլի մրցում մը:  Կը  հաղորդուի նաեւ, որ Փարիզի   ոստիկանութիւնը ապահովական պատճառներով      «Սթատ Տիւ Ֆրանս»  մարզադաշտին մէջ  գտնուող     մարզասէրներէն պահանջած է դաշտին մէջ մնալ: