Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2023 թուականի 18 յունիսին, այս մասին ուրբաթ յայտարարած է երկրի արդարադատութեան նախարարութեան ղեկավար Պեքիր Պոզտաղ։
«Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2023 թուականի 18 յունիսին: Սա պիտի ըլլայ երկրորդ ընտրութիւնները, որուն պիտի մասնակցի մեր նախագահը (Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը)»,- ըսած է նախարարը Miliyet թերթին տուած հարցազրոյցի ժամանակ։
Թուրքիոյ մէջ ընդհանուր (նախագահական եւ խորհրդարանական) ընտրութիւնները, տեղական օրէնսդրութեան համաձայն, տեղի կ'ունենան նոյն օրը եւ ի սկզբանէ նշանակուած էին 2023 թուականի յունիսին։ Իշխող Ժողովրդական դաշինքն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ իրենց միասնական թեկնածուն պիտի ըլլայ գործող նախագահ Էրտողանը։ Ընդդիմութիւնը՝ ի դէմս վեց կուսակցութիւններու դաշինքի, դեռ չէ նշած իր թեկնածուին անունը։
Ընդդիմութիւնն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ գործող նախագահը չի կրնար մասնակցիլ ընտրութիւններուն, քանի որ սա անոր երրորդ ժամկէտը պիտի ըլլայ։ Արդարադատութեան նախարարութեան ղեկավարը բազմիցս ըսած է, որ գալիք նախագահական ընտրութիւնները Էրտողանի համար երկրորդը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ՝ 2018 թուականին խորհրդարանական կառավարման ձեւէն նախագահականի անցնելէն ետք։