Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չավուշօղլուն յայտարարութիւն կատարած է:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսաստանի սկսած գործողութիւնը վերաճած է պատերազմի եւ իրենք ստիպուած են գործի դնել Մոնթրոյի համաձայնագիրը Պոսֆորի ու Տարտանելի նեղուցներու հետ կապուած` փակելով զայն պատերազմող բոլոր կողմերու ռազմանաւերուն համար: