image

Թուրքիան կը փափաքի հիւրընկալել «3+3» ձեւաչափի յաջորդ հանդիպումը

Թուրքիան կը փափաքի հիւրընկալել «3+3» ձեւաչափի յաջորդ հանդիպումը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան եւ Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսի հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանային հարցեր:

Էրտողան նաեւ ըսած է, որ Թուրքիան կը փափաքի հիւրընկալել «3+3» ձեւաչափի յաջորդ հանդիպումը, որ կը ներառէ երեք կովկասեան պետութիւններ` Հայաստանը, Ատրպէյճանն ու Վրաստանը, երեք հարեւան պետութիւններու` Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ միասին:

Ըստ թրքական կողմի հաղորդագրութեան` Էրտողան Ռայիսիին ըսած է, որ կը շարունակուի աշխատանքը Թեհրանի մէջ կայանալիք Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի նիստին, ինչպէս նաեւ այն պայմանագրերուն շուրջ, որոնք կրնան ստորագրուիլ:

Նախորդ տարեվերջին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած էր, որ Հարաւային Կովկասի հարցերուն վերաբերեալ «3+3» տարածաշրջանային խորհրդատուական հարթակի յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ: Անգարան յոյս յայտնած էր, որ կը մասնակցի նաեւ Վրաստանը: