Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները նշած են, որ Թուրքիան Դամասկոսի մէջ դեսպանատան գործերու ժամանկաւոր հաւատարմատար նշանակած է։
Մասնաւորապէս, նշուած է, որ Մորիթանիոյ մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Պուրհան Քէորօղլուն պիտի ստանձնէ Դամասկոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան ժամանակաւոր հաւատարմատարի պաշտօնը։
Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքացիական պատերազմէն մէկ տարի անց՝ 2012-ի մարտ 26-ին դադրեցուած էր դեսպանատան գործունէութիւնը, եւ 13 տարուան դադարէ ետք նոր նշանակում կատարուած է։ Նշենք, որ Թուրքիոյ դեսպանատունըկ կը գտնուի Ռաուտա Մէյտայի մերձակայքը։
Իսկ Իսթանպուլի մէջ Սուրիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։