image

Թուրքիա-Յունաստան սահմանին. Ցրտահարութիւն, զոհեր եւ երկու երկիրներուն միջեւ վէճ

Թուրքիա-Յունաստան  սահմանին. Ցրտահարութիւն,  զոհեր եւ  երկու երկիրներուն միջեւ վէճ

Յունաստանի հետ սահմանին մօտ գտնուող թրքական փոքրիկ քաղաքին մէջ տասներկու գածթականի դի յայտնաբերուած է: Դէպքը տեղի ունեցած է ձմեռնային հազուագիւտ փոթորիկէն մէկ շաբաթ անց, որ երկու երկիրներու տուեալ հատուածները ծածկած էր ձիւնով:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտնած է, որ 12 գաղթականները մահացած են ցրտահարութենէ Իփսալա սահմանամերձ քաղաքին մէջ, որով ներգաղթեալները յաճախ կը փորձեն մտնել Եւրոմիութիւն: Թէ ուրկէ՞ եղած են գաղթականները եւ ինչո՞ւ անոնք նման ցուրտի պայմաններուն մէջ դուրսը յայտնուած են, պարզ չէ, սակայն Յունաստանն ու Թուրքիան տեղի ունեցած ողբերգութեան մէջ իրար կը մեղադրեն:

Սոյլու պնդած է է, որ խումբը ետ ուղարկուած է Յունաստանի սահմանապահներուն կողմէ` զրկուած ըլլալով հագուստէ եւ կօշիկներէ, եւ մահացած են ցրտահարութենէ: 

Միւս կողմէ, Յունատանի՝ գաղթականներու հարցերով նախարար Նոթիս Միթարաչի հերքած է է Սոյլուի մեղադրանքները` նշելով, որ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը որեւէ աղերս չունի թրքական կողմի յառաջ մղած կեղծ քարոզարշաւին հետ:

12 մահացած գաղթականները 22 հոգինոց խումբի մէկ մասն էին: Միւս տասին որոնումները կը շարունակուին: Դէպքին առնչութեամբ քննութիւն կ'ընթանայ: