Թուրքիոյ վարչապետի փոխանորդ Պեքար Պոզտաղ շեշտած է, որ ԱՄՆ պարտաւոր է ետ վերցնել այն զէնքերը, զորս տրամադրած է Սուրիոյ մէջ գործող քրտական ինքնապաշտպանութեան միաւորներուն: Այս մասին կը յայտնէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
«ԱՄՆ նախագահ Թրամբի այն յայտարարութիւնը, ուր կը յայտնէր, թէ իր երկիրը պիտի դադրեցնէ քրտական ինքնապաշտպանութեան միաւորներու սպառազինումը, շատ կարեւոր է, սակայն ոչ մէկ արժէք կ'ունենայ, եթէ բանաւոր խօսքի սահմաններուն մէջ մնայ»,- կարծիք յայտնած է Պոզտաղ, աւելցնելով, որ ԱՄՆ պարտաւոր է ետ վերցնել քիւրտերուն տրամադրած զէնքերը, եւ Թուրքիա պիտի հետեւի այս առումով ԱՄՆ-ի խոստումներու կատարման գործընթացին:
Պոզտաղ բարձր գնահատած է նաեւ անցնող ուրբաթ օրը Թրամբի եւ Էրտողանի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցը, նշելով, որ այն երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ շրջադարձային իրողութիւն էր: