«Քառնեկ»ի հիմնադրամի աւագ վերլուծաբան, Կովկասի հարցերով փորձագէտ Թոմաս Տը Վաալ կը կարծէ, որ «2020 թուականէն ետք բռնութեան ամենադաժան ու վտանգաւոր բռնկումները ուղղուած էին ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ռուսիոյ դէմ»:
«Ռուսիա պարտաւոր է աջակցիլ Հայաստանին ինչպէս երկկողմ պայմանագրի, այնպէս ալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մէջ անոնց համատեղ անդամակցութեան շրջածիրէն ներս։ Բայց Ռուսիան ունի նաեւ Ուքրանիոյ խնդիրը: Ատրպէյճանը մտադիր է ապացուցել, որ Ռուսիա կը յապաղի աջակցիլ իր դաշնակցին, իսկ ՀԱՊԿ-ն ընդամէնը «թուղթէ վագր» է, որ կը ցուցադրէ նաեւ այդ կազմակերպութեան ձախողումը Ղրղզստանի եւ Տաճիկստանի սահմանային յարձակումներու հարցով», - գրած է Տը Վաալ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վրայ աւելի շատ ամպեր կը կուտակուին» յօդուածին մէջ:
«Այս ամբողջ տարուայ ընթացքին Հայաստանն ու Ատրպէյճանը բանակցութիւններ վարած են Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ։ Անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած բռնութիւնը չի նշանակեր, որ բանակցութիւնները կեղծիք էին կամ ժամանակի վատնում` ինչպէս կը պնդէին որոշ վերլուծաբաններ: Անոնք իրականութեան մէջ բաւականին առաջընթաց գրանցած էին։ Երկու կողմերը ամրան սկիզբը համաձայնութեան եկան փոխադրային երթուղիներու հարցով, մինչեւ որ ռուսերը բարդութիւններ մտցուցին, որոնք դադրեցուցին ամէն ինչ: Ամրան ընթացքին անոնք աշխուժ կերպով աշխատեցան միջպետական պայմանագրի բնագրերու վրայ (Ատրպէյճանի պահանջով)՝ Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան դրոյթներով (Հայաստանի պահանջով)», - նշած է Թոմաս Տը Վաալ:
Ան նկատած է, որ 1991 թուականէն ի վեր հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան բոլոր միջնորդներուն հետապնդող խնդիրը մէկն է՝ ոչ ոք գին վճարած է «ոչ» ըսելու համար։ «Ղեկավարները կը կարծեն, որ կրնան հրապարակայնօրէն հրաժարիլ այն կէտէն, որուն շուրջ պայմանաւորուած են առանձին հանդիպումներու ժամանակ, երկարել ժամանակը կամ ուժ կիրառել», - պարզաբանած է վերլուծաբանը:
«Ռուսիա կը շարունակէ մնալ ազդեցիկ շահեր ունեցող միջնորդ, նոյնիսկ եթէ վստահութիւն չի վայլեր որպէս ազնիւ միջնորդ։ Հաղորդագրութիւններ կան այն մասին, որ Մոսկուան հանդէս եկած է խաղաղութեան պայմանագրի նախագծով, որ անորոշ ժամանակով կը յետաձգէ Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը՝ բանաձեւ, որ հայերուն համար շատ աւելի ընդունելի է, քան եւրոպական առաջարկը:
Շարլ Միշէլի գործընթացը ներկայիս միակ կենսունակն է եւ որպէսզի այն յաջողութեան հասնի, աւելի զօրաւոր աջակցութեան կարիք ունի Եւրոպական յանձնաժողովի, ԵՄ անդամ երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ: «Եթէ այն ձախողի, ապա այլընտրանքը պիտի ըլլայ Մոսկուայի միջնորդութիւնը, կամ, աւելի վատ՝ երկու կողմերը նոր պատերազմի մէջ պիտի ներքաշուին», - եզրափակած է Թոմաս Տը Վաալ: