image

Թրքական մեծ բանա՞կ. Լուրի հրապարակում եւ ապա... հերքում

Թրքական մեծ բանա՞կ.  Լուրի հրապարակում եւ ապա... հերքում

Ռուսական Svabodnaia press-էն կը կարդանք, թէ օրերս մամուլով տարածուած, ապա հերքուած է այն տեղեկութիւնը, որ  Պաքու եւ Անգարա կը պատրաստուին համատեղ բանակ ստեղծել: Աղբիւրը, ներկայացնելով փորձագիտական կարծիքներ, փորձած է հասկնալ, թէ ինչ թաքնուած է այս հերքման ետեւը:

Չորեքշաբթի՝ Յուլիս 28-ին, Sputnik-ի ատրպէյճանական ծառայութիւնը տեղեկացուցած է, որ Պաքուն եւ Անգարան կը քննարկեն համատեղ թրքական բանակ ստեղծելու հարցը: Այս գաղափարը իբր արտայայտած է Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ՝ Մուսթաֆա Շենթոփը: Սակայն արագօրէն ատրպէյճանական Sputnik-ը հերքած է սեփական հաղորդագրութիւնը: Հրապարակման մէջ պարզաբանուած է, որ Մուսթաֆա Շենթոփը չէ նշած թրքական համատեղ բանակի ստեղծման բանակցութիւններու մասին, այլ խօսած է միայն համատեղ զօրավարժութիւններու մասին, եւ ուղերձը բացատրուած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահի խօսքերու սխալ թարգմանութեամբ: 

Սխալը սխալ, բայց այդպիսի հրապարակումները ակամայ կ'առաջացնեն այն միտքը, որ անիկա դիտաւորեալ «արտանետում» է՝ պարզելու համար, թէ որքան մօտ են Պաքուն եւ Անգարան, գրած է աղբիւրը:

Թուրք քաղաքագէտ, փրոֆեսոր՝ Իսմայիլ Թոգրուլը ռուսական լրատուամիջոցներուն տուած մեկնաբանութեան մէջ ըսած է, որ առայժմ խօսքը համատեղ միջոցառումներու կամ կառոյցներու մասին է, որոնց ստեղծման մասին նշուած է 2021-ի 15 Յունիսին Պաքուի եւ Անգարայի ստորագրած Շուշիի հռչակագրին մէջ:

Սեւծովեան-Կասպեան տարածաշրջանի քաղաքական եւ ընկերային հետազօտութիւններու հիմնարկի տնօրէն՝ Վիքթոր Նատէին-Ռաեւսքիին կարծիքով, նման «արտանետումը» հարեւան պետութիւններու եւ յատկապէս Ռուսաստանի արձագանգը ուսումնասիրելու Անգարայի փորձն է. «Թուրքերը արդէն իրենց օդանաւերը ունին Ատրպէյճանի   մէջ: Իսկ անօդաչու թռչող սարքերը, որոնք մենք տեսանք Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւններու ժամանակ, ակնյայտօրէն չէին կառավարուեր ատրպէյճանցիներու կողմէ, քանի որ անոնք չունին բաւարար քանակութեամբ պատրաստուած մասնագէտներ: Ասոնք Թուրքիոյ ներկայացուցիչներն էին, զօրավարի գլխաւորութեամբ, որոնք կը փորձարկէին բոլոր համակարգերը: Այնպէս որ, սա նոր պատմութիւն չէ: Ինչ կը վերաբերի համատեղ բանակի խնդրին, ապա խօսքը այսպէս կոչուած «Թուրանի բանակի» մասին է: Այս գաղափարը յայտարարուած է քանի մը տարի առաջ եւ կը քննարկուի երկար ժամանակէ ի վեր: Թուրքիան նման շահ ունի, քանի որ ատիկա թոյլ կու տայ վերահսկողութիւն հաստատել բոլոր թրքալեզու պետութիւններուն, եւ հաստատ ՀԱՊԿ-ի քանի մը անդամներուն նկատմամբ: Առայժմ սա պարզապէս խօսակցութիւն է, բայց կան նաեւ յստակ քայլեր:  

Եթէ ստեղծուի միացեալ թրքական բանակ, Ատրպէյճան ամբողջովին կը կորսնցնէ վերահսկողութիւնը իր զինուած ուժերուն վրայ` չնայած, որ արդէն Ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ Ատրպէյճանի գլխաւոր շտապը կը գլխաւորէր թուրք զօրավար մը: Յամենայնդէպս, երեք փորձառու թուրք զօրավարներ իրականացուցին բոլոր հիմնական գործողութիւնները, իսկ ատրպէյճանական բանակի 200 թուրք սպաներ գործնականօրէն կը ղեկավարէին ստորաբաժանումները: Փաստօրէն, սա արդէն այս համատեղ բանակի նախատիպն էր: Եւ ես չեմ լսած, որ թուրք խորհրդականները լքած են ատրպէյճանական զօրքերու շարքերը: Այսպիսով, այս գաղափարը պարզապէս  օդին մէջ  եղած  միտք մը չէ, այլ գաղափար է, որ իսկական մարմնացում ստացած է: 

Միասնական բանակի մասին լուրերը, ի հարկէ, փորձ են ստուգելու հարեւան պետութիւններու, առաջին հերթին ՝ Ռուսաստանի արձագանգը: Սա կարելի չէ անտեսել, քանի որ բոլորը կը հասկնան, որ դժուար թէ Մոսկուան ողջունէ այս մօտեցումը: Աւելին, այդ մտադրութիւններու յարձակողականութիւնը ակնյայտ է, եւ Թուրքիոյ շահերը կը տարածուին ոչ միայն տարածաշրջանի թրքալեզու պետութիւններու, այլեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան տարածքին վրայ՝ հին բան-թուրքական գաղափարներու ծիրէն ներս»:

Ռազմական փորձագէտ՝ Սթանիսլաւ Թարասովը այս լուրը կը համարէ ազդանշան Երեւանին, ուր կրնայ ցանկութիւն առաջանալ վերանայելու Ղարաբաղեան վերջին պատերազմի արդիւնքները. «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» հասկացութիւնը նոր չէ, ինչպէս համատեղ զինուած ուժեր ստեղծելու գաղափարը, բայց այն այժմ սկսած է առաջին կարգին գալ այն ֆոնին վրայ, որ Անգարան եւ Պաքուն կը վախնան, որ Երեւանի մէջ ուժեր յայտնուին, որոնք կը փորձեն վերախաղարկել Ղարաբաղեան պատերազմի արդիւնքները եւ վերաշարադրել 2020-ի Նոյեմբերի համաձայնագիրը: Այս լուրը յստակ ազդանշան է, ուստի Թուրքիան այսպիսի յայտարարութիւններ կ'ընէ, ապա կը հերքէ զանոնք:

Անգարա կը փորձէ ամբողջ ուժով տեղ գտնել Անդրկովկասի մէջ,  եւ  այդ  կ'ընէ ընդհատուող յաջողութիւններով: Թուրքիան չէ ներառուած 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագրին մէջ, չնայած, որ ան հանդէս եկաւ որպէս Ռուսաստանի  գործընկեր: Այսօր Մոսկուան ջանքեր կը գործադրէ համաձայնագիրներու գործնական իրականացումը սկսելու համար: Հետեւաբար, ասպիսի լուրերը խորհրդանշական հռետորաբանութիւն են եւ Թուրքիոյ կողմէ վրէժխնդրութեան հաւանական կողմնակիցներուն հասկցնելու փորձ, որ Անգարան պատրաստ է միջամտել սրացման պարագային: