Բրիտանական հեղինակաւոր The Guardian պարբերականը նոր մանրամասներ հրապարակած է լրատուամիջոցներու կողմէ «Ատրպէյճանական լուացքատուն» կնքուած աղմկայարոյց գործի վերաբերեալ:
Ի՞նչ է «Ատրպէյճանական լուացքատունը»
Կը պարզուի, որ Ատրպէյճանի վերնախաւը տեւական ժամանակ ապօրինի ֆինանսական մօտել իրականացուցած է, որու միջոցաւ ոչ միայն զբաղուած է դրամի լուացմամբ, այլեւ իր ազդեցութիւնը աւելցնելու նպատակով խոշոր գումարներ փոխանցած է ատրպէյճանական շահը առաջ տանող լոպիստներուն, ջատագովներուն ու եւրոպացի քաղաքական գործիչներուն:
2012-2014 թուականներու ընթացքին փոխանցուած է 2.9 միլիառ տոլար, ինչը կը նշանակէ, որ ամէն օր Ատրպէյճանէն միջինը 3 միլիոն տոլար փոխանցուած է: Ընդհանուր առմամբ, եղած է աւելի քան 16.000 փոխանցում ՝ տարբեր արժոյթներով:
Թէեւ այդ գումարներու ծագման աղբիւրը միշտ չէ, որ պարզ է, սակայն միանշանակ է, որ անոնք փոխանցուած են երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ վերջերս սնանկութեան մասին յայտարարած Ատրպէյճանի միջազգային բանկի հետ կապուած ընկերութիւններու կողմէ:
Կանխիկ գումարը փոխանցուած է բրիտանական 4 օֆշորային ընկերութիւններու (Hilux Services, Polux Management, Metastar Invest , LCM Alliance) միջոցով: Այնուհետեւ գումարը ծախսուած է տարբեր երկիրներու մէջ՝ այդ շարքին նաեւ Գերմանիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ղազախստանի մէջ:
Ինչպէ՞ս եղած է այս գործը
Արեւմուտքի ֆինանսական համակարգի գրագէտ օգտագործման միջոցով: Դանիայի խոշորագոյն պանքը (Danske) վճարումները իրականացուցած է Էսթոնիայի մէջ գտնուող փոքր մասնաճիւղի միջոցաւ, ինչը կասկածի տեղիք չէ տուած: Բացի այդ, մօտելի կազմակերպիչներն օգտուած են Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ընկերութիւններու գործունէութեան վերահսկման համակարգի թոյլ կողմերէն: Հետաքրքրական է, որ մօտելին մէջ ներգրաւուած 4 բրիտանական օֆշորային ընկերութիւններու սեփականատէրերու մասին որեւէ տեղեկութիւն չկայ: Աւելի ուշ Danske-ն խոստովանած է, որ իր մասնաճիւղի միջոցով եղող կասկածելի փոխանցումներու մասին իմացած է միայն 2014-ին ու անմիջապէս տեղեկացուցած իշխանութիւններուն՝ յետագայ քայլերը ձգելով անոնց:
Ովքե՞ր էին «Ատրպէյճանական լուացքատունէն» գումար ստացողները
Շարք մը յայտնի եւրոպացի գործիչներ: Անոնցմէ մէկը Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին մէջ (ԵԽԽՎ) Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան խումբի նախկին նախագահ, իտալացի Լուքա Վոլոնթէն է: Ի դէպ, ան ԵԽԽՎ-ի այն պատուիրակներէն մէկն էր, որ 2013-ին դէմ քուէարկեց Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումը դատապարտող զեկոյցին: Արտահոսած տեղեկութիւններու համաձայն՝ Վոլոնթէն Ալիեւի վարչակազմին դատապարտող փաստաթուղթին դէմ քուէարկելու համար ստացած է 2 միլիոն տոլար: Բացի այդ, պաշտօնեայի անունը կը շօշափուի, այսպէս կոչուած, «խաւիարային դիւանագիտութեան» գայթակղութեան մէջ, որ եւս կապուած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ եւրոպացի դիւանագէտներուն կաշառելու հետ: Այլ բարձրաստիճան կաշառք ստացողներու շարքին է գերմանացի նախկին պատգամաւոր Էտուարտ Լինթնէրը, որու հաշուին ատրպէյճանական կողմը 819.500 եւրօ փոխանցած է: Յայտնի է, որ երկրին մէջ կայացած վերջին նախագահական ընտրութիւններուն ժամանակ Լինթնէրը որպէս դիտորդ Ատրպէյճան այցելած է ու յետոյ արձանագրած, որ ընտրական գործընթացը իրականացուած է «գերմանական չափանիշերու» համաձայն: Անոր դիմաց ան Պաքուէն ստացած է 61.000 եւրօ:
Ովքե՞ր են ատրպէյճանցի շահառուները
Անոնց մեծ մասը մայրաքաղաք Պաքուէն են, օրինակ՝ երկրի ամենահարուստ ու ազդեցիկ ընտանիքներէն մէկը՝ Մամատովները: Խօսքը կը վերաբերի Ատրպէյճանի փոխադրամիջոցի նախկին նախարար Զիա Մամատովին ու աանոր որդիին: Շահառուներէն են Լոնտոնի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան աշխատակից Օրհան Սուլթանովն ու Անգլոատրպէյճանական ընկերակցութեան բարձրաստիճան անդամ Ճովտաթ Կուլիեւը, որոնց պնդմամբ՝ Ատրպէյճանէն իրենց հաշուին փոխանցուող գումարները օրինական աշխատանքի դիմաց են:
Ուրկէ՞ արտահոսած են «Ատրպէյճանական լուացքատան» մասին տեղեկութիւնները
Արտահոսքը ապահոված է դանիական Berlingske պարբերականը, որ բոլոր մանրամասներով կիսուած է Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ կաշառակերութեան հետաքննութեամբ զբաղուող լրագրողական նախագիծի, The Guardian պարբերականի եւ այլ մետիա գործընկերներու հետ: