image

Թարգմանիչներու եւ հրատարակիչներու բաց մրցոյթ

Թարգմանիչներու եւ հրատարակիչներու բաց մրցոյթ

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը 2023-ի աւարտին մեկնարկեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար» նախագիծին երկրորդ փուլը, որուն նպատակն է մարդկային ուսմանց եւ հասարակական գիտութիւններու արդի համաշխարհային գրականութիւնը հասանելի դարձնել հայերէն լեզուով։

Վերնագիրներու երկար ցանկ մը կազմուած էր խորհրդատու յանձնախումբի անդամներուն, առաջին փուլին թարգմանիչներուն, խմբագիրներուն և հրատարակիչներուն կողմէ, ինչպէս նաև Հայաստանի համալսարանական համապատասխան բաժանմունքներու դասախօսներու և տնօրէններու առաջարկութիւններուն հիման վրայ: Առաջարկուած 72 վերնագիրներէն տասը գիրք ընտրուեցաւ նախագիծի խորհրդատու մարմինին և Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ: Հիմնարկութիւնը հաստատեց խորհրդատու յանձնախումբին առաջարկութիւնները և այդուհետ պիտի հովանաւորէ այդ տասը գրքերուն հայերէն թարգմանութիւնները:

Թարգմանելի նոր գիրքերուն վերնագիրներն են՝

  1.         Benedict Anderson, Imagined Communities: Reflections on the Origin and Spread of Nationalism
  2.         John Rawls, A Theory of Justice
  3.         Gayatri Chakravorty Spivak, A Critique of Postcolonial Reason: Toward a History of the Vanishing Present
  4.         Lawrence Venuti, The Translator’s Invisibility: A History of Translation
  5.         Jacques Le Goff, La civilisation de l’Occident médiéval
  6.         Ludwig Wittgenstein, Logisch-Philosophische Abhandlung / Philosophische Untersuchungen
  7.         Carlo Ginzburg, Il formaggio e i vermi
  8.         William James, Pragmatism
  9.         Terry Eagleton, Marxism and Literary Criticism
  10.         Edgar Wind, Art and Anarchy.

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը եւ նախագիծը համակարգող «ԱՐԻ գրականության հիմնադրամ»-ը կը մեկնարկեն երկու բաց մրցոյթ՝ թարգմանիչներու եւ հրատարակիչներու համար։

Թարգմանութեան ընդհանուր պայմաններն են՝

  •     Դիմումները կրնան ըլլալ արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն թարգմանութեան համար.
  •     Բոլոր թարգմանութիւնները պէտք է ըլլան բնագիր լեզուներէն.
  •     Իւրաքանչիւր թարգմանիչ մէկ գիրքի թարգմանութեան դիմում կրնայ ներկայացնել։

Թարգմանութեան դիմումի փաստաթուղթեր՝ 

  •     Բացատրական նամակ՝ նշելով գիրքի ընտրութեան պատճառները եւ զայն թարգմանելու կարողութիւնները.
  •     Սեղմակենսագրական եւ թարգմանական աշխատանքային փորձ.
  •     Ընտրուած գիրքէն թարգմանական նմուշ (5-էն 7 էջ)։

Հրատարակիչներուն վերաբերող ընդհանուր պայմաններն են՝

  •     Հրատարակիչները կրնան մէկէ աւելի գիրք հրատարակելու դիմում ներկայացնել.
  •     Հրատարակիչները պէտք է կարենան ընդհանուր ծախսերը ամբողջութեամբ կամ մասամբ հոգալ։

Հրատարակիչներու դիմումի փաստաթուղթեր՝ 

  •     Բացատրական նամակ՝ գիրքի կամ գիրքերու ընտրութեան պատճառները նշելով.
  •     Հրատարակութեան ցրւումի եւ ծանուցումի արշաւ։ 

Հետաքրքրուող թարգմանիչներն ու հրատարակիչները իրենց դիմումները պէտք է ղրկեն հետեւեալ ել-նամակի հասցէին՝ info@ariliterature.org. յաւելեալ հարցումներու պարագային կարելի է հեռաձայնել +374 99 05 11 12 թիւին։

Բոլոր դիմումներուն վերջնաժամկէտն է՝ 1 մարտ 2024-ը։