image

Տերսիմի հայկական մեծագոյն եկեղեցին՝ աւերակ

Տերսիմի հայկական մեծագոյն եկեղեցին՝ աւերակ

Թուրքիոյ մէջ Տերսիմի (Թունճելի) Խոզաթ գաւառի Էրկեն (Կեչիմլի) գիւղին մէջ գտնուող հազարամեայ հայկական եկեղեցին, որ յայտնի է Էրկանի եկեղեցի անունով, անխնամ մնալու հետեւանքով աւերակ վիճակի մէջ յայտնուած է։

2012 թուականին Էրզրումի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խորհուրդը ընդունած է եկեղեցւոյ պահպանման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ Թունճելիի նահանգի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան ներկայացուցած դիմումը, սակայն մինչ օրս եկեղեցւոյ պահպանման կամ վերակառուցման ուղղուած որեւէ աշխատանք չէ կատարուած։

Էրկանի եկեղեցին կառուցուած է 975 թուականին։ Եկեղեցւոյ պատերու ներսի հատուածին մէջ տակաւին կը պահպանուին հայատառ որոշ արձանագրութիւններ: Էրկանի եկեղեցին կը համարուի Տերսիմի ամենամեծ ու հին հայկական եկեղեցիներէն մէկը։ Ցեղասպանութեան ժամանակ Էրկանիի վերջին քահանան հրկիզուած եւ սպաննուած է եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցին չի գործեր 1915 թուականէն ի վեր։