Այսօր յետմիջօրէին Սուրիոյ բանակի ջոկատներ յաջողեցան ազատագրել Տէր Զօրի զինուորական օդակայանը: Այս մասին լուրը փոխանցեց «Ալ Մայատին» կայանը, նշելով, որ բանակը, կոտրելէ ետք օդակայանին շուրջ Տահէշի պաշարման օղակները, յաջողեցաւ մուտք գործել օդակայանի դուռը համարուող «Լիուա թաամին» շրջանը:
Բանակը նոյնպէս յաջողած է քակել օդակայանին շուրջ լարուած հարիւրաւոր ականներ եւ մինչեւ այս պահը ականազերծումը կը շարունակուի:
Ըստ նոյն աղբիւրին, այս ընթացքով բանակը պիտի շարունակէ յառաջանալ եւ հասնիլ քաղաքի կեդրոնական հատուած եւ թիրախ համարուող առաջին շրջանները պիտի ըլլան` Հարապէշ եւ Թահթուհ շրջանները:
Նշենք, որ երեք տարուան ընթացքին պաշարման տակ մնալէ ետք Սուրիոյ բանակը չորս օր առաջ յաջողած էր կոտրել Տէր Զօրի պաշարման օղակը:
Ըստ BBC Arabic կայանին Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման հարիւրաւոր զինեալներ խոյս կու տան քաղաքէն՝ իրենց ետին թողելով մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք:
Կայանը նաեւ փոխանցեց, որ Տէր Զօրի մէջ Տահէշի ստացած ծանր հարուածը կը համարուի այդ կազմակերպութեան աւարտի սկիզբը Սուրիոյ մէջ: