image

Ճոնսըն մտահոգ է Ուքրանիոյ տագնապով. Ան յետաձգած է Ճափոն այցը

Ճոնսըն մտահոգ է Ուքրանիոյ տագնապով. Ան  յետաձգած է Ճափոն այցը

Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրադրութեան պատճառով չեղարկած է Փետրուարի կէսերուն ծրագրուած այցը Ճափոն: 

Բրիտանական կողմը հանդէս եկած է այցը չեղարկելու նախաձեռնութեամբ` այդ պատճառաբանելով «Ուքրանիոյ շուրջ լարուածութեան սրմամբ»: Աւելի վաղ, ճափոնական եւ բրիտանական լրատուամիջոցները հաղորդած են, որ Ճոնսըն յաջորդ շաբաթ իր առաջին այցը կրնայ կատարել Ճափոն: Միեւնոյն ժամանակ Ճափոնի նախարարներու խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Հիրոքաձու Մացունօն այսօր հերքած է հաղորդագրութիւնները այն մասին, որ Ճոնսըն ծրագրած է այցելել Ճափոն: