«Մեր պայքարը Յանուն հայրենիքի համար եղած պայքար է»
Արմատներով Լիբանանէն գործարար եւ երկար տարիներէ ի վեր Հայաստանի ու Արցախի մէջ ներդրումներ իրականացուցած Հրաչ Ճապրայեան եւս միացած է դէպի Երեւան հասնող ընդդիմադիր ճակատի երթին։
«Արեւելք» այս մասին վերահասու դարձաւ Ճապրայեանի դիմատետրի էջէն։
Ճապրայեան, որ կարճ «լայվ» մը կատարած է մասնաւորապէս ըսած է, որ որոշ ժամանակով դադար առնելէ ետք վերստին կը վերադառնայ իշխանափոխութեան համար ընթացող պայքարին։
Ան նաեւ կոչ ըրած է իր մերձաւորներուն եւ ընկերներուն, որ նոյնպէս միայն այս պայքարին։
Այս առումով Ճապրայեան մասնաւորապէս ըսած է ՝
«Տունը նստելով հայրենիք չենք փրկելու ընկերներ, իջէ՛ք փողոց։ Հայրենիք ենք կորցրել, հայրենիք են կորցնում» ըսած է Ճապրայեան նշելով նաեւ, «որ այս պայքարը դաւաճան իշխանութիւններէն ձերբազատուելու միտուած պայքար է եւ յանուն հայրենիքի, հայրենիքի համար նահատուած տղոց համար պայքար է»։
This is Hrach Jabraian.The Canadian-Armenian businessman called to join the struggle. "We can not save the homeland by sitting at home," he said🇦🇲🇦🇲🇦🇲🙏 pic.twitter.com/wME10Dz4ep
— arevelk.am (@arevelk1) April 28, 2022
Լուսանկարը ՝Հրաչ Ճապրայեանի դիմատետրի էջէ (Լուսանկարին մէջ Ճապրայեանի այլ ընկերներու շարքին է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակ Քրիստափոր Արթինը)։