image

Սուրիոյ Շուրջ Միջազգային Յաջորդ Ժողովը 16 Դեկտեմբերին Նիւ Եորքի Մէջ

Սուրիոյ Շուրջ  Միջազգային Յաջորդ Ժողովը   16 Դեկտեմբերին Նիւ Եորքի Մէջ

Սուրիոյ տագնապին քաղաքական   լուծումներ գտնելու համար տեղի ունենալիք յառաջիկայ ժողովը նախատեսուած է Նիւ Եորքի մէջ: Նշենք, որ  ՄԱԿ-ի  հովանաւորութեամբ  տեղի ունեցած վերջին երկու նիստերը կայացած  էին Վիենայի մէջ: Լուրը տրուած է «Ռօյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, որ սակայն չէ հաղորդած թէ  յառաջիկայ  ժողովին Սուրիոյ  ընդդիմութեան որ խմբաւորումները պիտի մասնակցին:  Նշենք, որ  սոյն  նիստերու   համակարգումը կը կատարէ Սուրիոյ  հարցերով  ՄԱԿ-ի յատուկ  յանձնակատար   Սթէֆան  Տէ Միսթուրա: Ժողովը պիտի կայացուի   16  Դեկտեմբերին: