image

«Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարան»ի սաները՝ անապահով ընտանիքներու կողքին

 «Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարան»ի սաները՝ անապահով ընտանիքներու կողքին

 Օրերս    օրինակելի նախաձեռնութիւն մը ստանձնելով  Պէյրութի  Հայ Կաթողիկէ   «Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարան»ի  տնօրէնութիւնը՝  գլխաւորութեամբ տնօրէն՝ Տիար Արամ Գարատաղլեանին  օժանդակութիւններ բաշխած է Պէյրութի  հայահոծ  շրջաններու ընտանիքներուն։

Կը նշուի նաեւ, որ նախաձեռնութիւնը իրականացուցած է  վարժարանի  բարձրագոյն  դասարի  աշակերտները։

  Ստորեւ՝ «Արեւելք»ի ընթերցող հասարակութեան  կը ներկայացնենք  այդ մասին  հրապարակուած  թղթակցութիւնը՝

 

Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Սուրբ Ծննդեան աւետիսն ու ուրախութիւնը սփռելու ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Հինգշաբթի` 28 Դեկտեմբեր 2023֊ին, արհեստից բաժանմունքի BT2 դասարանի խումբ մը աշակերտներ, ընկերակցութեամբ բաժանմունքի պատասխանատու պրն. Աւօ Գարաքէշիշեանի,  վարժարանիս ընկերային ծառայող տիկ. Իզապէլ Թիւթիւնճեանի, եւ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ Փոխ ժողովրդապետ հայր Սահակ Քէշիշեանի, այցելեցին Պուրճ Համուտ բնակող  20 կարիքաւոր ընտանիքներու տուները, որոնց նուիրեցին ուտեստեղէնի մեծ տուփեր։

Տեղին է յիշել, որ  BT2 դասարանի աշակերտներու առաջարկով,  վարժարանիս բոլոր բաժանմունքներու աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան տեսակի ուտեստեղէններ տրամադրելով սոյն նախաձեռնութեան պատրաստութեան։

Ընդհանուր առմամբ 25 մեծ տուփեր պատրաստուեցան, որոնցմէ քսանը Պուրճ Համուտ բնակող հայ ընտանիքներու տրամադրուեցան, իսկ հինգը` Լիբանանի հարաւէն գաղթած ընտանիքներու։