image

Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը՝ Սաօ Փաուլոյի մէջ. Հանդիսապետած է Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան

Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը՝ Սաօ Փաուլոյի մէջ. Հանդիսապետած է Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան

Օրերս Պրազիլիոյ Սաօ Փաուլո քաղաքին մէջ նշուած է Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը՝

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնի առիթով, Սաու Փաոլոյի Սուրբ ԳէորգիՄայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, հանդիսապետութեամբ Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Պէրպէրեանի։

Պատարագին ներկայ էին ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոս Տիկ. Հիլտա Տիրուհի Պուրմայեանն ու ճանչցուած դերասան Ստեփան Ներսէսեան։ Սրբազան հայրը արտասանեց յաւուր պատշաճի քարոզ մը մասնաւորաբար ներկայացնելով տօնի հոգեւոր իմաստը։

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողի օրհնութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը, որմէ ետք օրհնուած խաղողը բաժանուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին։

Շարունակաբար, Թեմական Առաջնորդարանին մէջ կազմակերպուած էր հիւրընկալութիւն մը, ուր հաւատացեալները հնարաւորութիւն ունեցան եղբայրական եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ հանդիպելու։ Հիւրընկալութիւնը տրուած էր Տիկ. Հիլտա Տիրուհի Պուրմայեանի կողմէ։