«Հետք» կայքին համաձայն ցմահ բանտարկեալ Սողոմոն Քոչարեան, որ մահացած էր երէկ, պիտի յուղարկաւորուի Եռաբլուրի մէջ: Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Քոչարեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը 10 Նոյեմբերին Սարալանջ գիւղին մէջ: Թաղման կարգը պիտի կատարուի Հինգշաբթի` 11 Նոյեմբերին, Եռաբլուրի մէջ: Յիշեցնենք, որ ցմահ բանտարկեալը ազատ արձակուած էր 15 օր առաջ: