«Իմ հայրս` Երուանդ Յակոբեանը, քառասուն որբերէն մէկն էր…»:
Սիմոն Յակոբեանը ծնած է Եթովպիա: Հայրը` Երուանդ, մէկն էր Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած այն քառասուն որբերէն, որոնց թագաւոր Հայլէ Սելասիէ 1924-ին Երուսաղէմէն բերաւ Եթովպիա: Հայլէ Սելասիէի նպատակն էր փողերախումբ մը կազմել այս որբերէն, որոնք չորս տարի պիտի նուագէին Եթովպիոյ մէջ, որմէ ետք դարձեալ պիտի վերադառնային, բայց վերադառնալ ո՞ւր, չէ՞ որ որբեր էին:
Բայց քառասուն որբերու փողերախումբը գերազանցեց ինքզինք իր երաժշտական կատարողութեամբ եւ ի մասնաւորի` թագաւոր Սելասիէի պաշտօնակոչութեան արարողութեան:
Այդպիսով, այս քառասուն որբերը մնացին Եթովպիա, մաս կազմեցին եթովպիահայ գաղութին եւ անոր զարգացման: Հոն կազմելով ընտանիք` կեանքը շարունակուեցաւ Ցեղասպանութենէն ետք, ինչպէս էր պարագան մնացեալ բոլոր ողջ մնացած հայերուն` սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ:
«Հայրս դարձաւ արհեստաւոր եւ ինքնաշարժի մեքանիքի վարպետ», ըսաւ Սիմոն: «Իսկ հօրեղբայրս, որ դարձեալ քառասուն որբերէն մէկն էր, դարձած էր տիրական անուն ոսկերչութեան արհեստի մէջ»:
Երուանդ ամուսնացած է եթովպիացի-իտալացի կնոջ մը հետ եւ ունեցած է չորս զաւակներ` երկու մանչ եւ երկու աղջիկ: Սիմոնը անոնցմէ մէկն է: «Մայրս փոքր տարիքիս մահացաւ. այնպէս որ, երբեք չեմ յիշեր զինք», Սիմոնն է պատմողը:
Երուանդ, որ ճաշակած էր Ցեղասպանութեան արհաւիրքը, դարձեալ ապրած է ցաւը, երբ իր կողակիցը կանուխ մահացած է, եւ ինք առանձին մնացած է չորս զաւակներուն հետ: Պատմութիւնը ինքզի՞նք կը կրկնէ: Դարձեա՞լ որբ… «Հայրս մեծ դժուարութեամբ մեզ մեծցուց», ըսաւ Սիմոն, «բայց ան երբեք չէր խօսեր Ցեղասպանութեան մասին…»:
Երուանդ «սեղմած էր» Ցեղասպանութեան «ցաւը» իր սրտին ու հոգիին մէջ, հաւանաբար որպէսզի Սիմոնը մեծնայ աւելի խաղաղ, բայց Սիմոն պատասխանատու հայն է, որ, ինչպէս բոլորը, չէր կրնար անգիտանալ Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը եւ անոր պահանջատիրութիւնը: Սիմոնը կրցած էր գտնել իր կեանքի «խաղաղութիւնը», քանի որ ամբողջ կեանքով կառչած էր Հայ եկեղեցւոյ:
«Աստուած իմ կեանքիս մէջ շատ օրհնութիւններ տուած է,- կը վկայէ Սիմոն:- Եւ ես այսօր ուրախութեամբ Աստուծոյ տան կը հսկեմ եւ անոր կը մատակարարեմ»:
Սիմոնին համար Աստուծոյ տունը Սուրբ Գէորգ եկեղեցին է, ան Ատիս Ապեպայի հայկական եկեղեցւոյ «պահապան հրեշտակն» է կարծես:
«Այս եկեղեցին գաղութը հաւաքեց եւ հայ պահեց»: Սիմոնին դէմքին վրայ ուրուագծուեցաւ պզտիկ ժպիտ, բայց նաեւ` խիզախ ու հպարտ նայուածք: Եւ կարծես որպէս կտակ-պատգամ` դրաւ իմ առջեւս որպէս ապրող իրականութիւն:
Ես ապրեցայ այդ ապրող իրականութիւնը:
Կիրակի, 7 յունիսին ապրեցայ «Սուրբ սուրբին» հետ հայուն պատարագը: Չկայ հոգեւոր հովիւ եւ առաջնորդ սրբազան: Կան միայն աշխարհական սարկաւագ եւ դպիր, որոնք պատարագը ոչ ամբողջական, բայց լսելի դարձուցին եւ ապրեցուցին հայուն հոգեւոր ներաշխարհին հարստութիւնները:
Ութսունհինգ հոգիներէ բաղկացած հայկական գաղութը տակաւին կ’ապրի Ատիս Ապեպայի մէջ: Ամէն կիրակի կայ պատարագ, նաեւ` շարական եւ հոգեպարար երգեցողութիւն: Եկեղեցւոյ շրջափակը ծաղկաստան է, որուն գեղեցիկ երանգները եթէ մէկ կողմէ կու տան փայլք, բայց նաեւ կը հանդիսանան վկայութիւն, թէ հայը իր եկեղեցիով եւ պատարագով տակաւին կ’ապրի, նոյնիսկ` նօսրացած թիւով…
Ռապէլ Բարսեղեան տասնվեց տարեկան է, իսկ եղբայրը` Յովան, ութ տարեկան: Անոնց մայրը եթովպիացի է: Թէեւ հայերէն չեն խօսիր, բայց ամէն կիրակի հայկական եկեղեցի կը յաճախեն, կը գիտակցին իրենց ինքնութեան եւ ատոր պատասխանատուութեան: Պատարագի ընթացքին կը խնկարկէ Ռապէլը, քանի փոքր տարիքէն մեծցած է հայկական եկեղեցւոյ մէջ եւ` անոր հոգիով սնած:
«Հայուն ցեղասպանութիւնը պէտք է պատմել օտարներուն,- Ռապէլն է խօսողը:- Նոյնիսկ եթէ ատիկա հարիւր տարի առաջ եղած է, բայց այսօր պէտք է շարունակել պատմել»: Ռապէլը կ’ապրի հայուն ցեղասպանութիւնը, քանի ամէն կիրակի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը տեսնէ յուշակոթող-խաչքարը` նուիրուած Ցեղասպանութեան զոհերուն, եւ այդ կոթողը Ռապէլին կու տայ յիշելու եւ պահանջելու գիտակցութիւնը…
«Գաղութը հայախօս է,- Մեսրոպ Սարգիսեանն է: – Եւ մենք շատ բան կը պարտինք հայկական Գէորգով վարժարանին, որ հիմնուած է 1912 թուականին»: Հայկական վարժարանը այսօր փակ է, բայց պետութիւնը փոխարինած է զայն ուրիշ կրթական հաստատութեամբ մը, նոյն անունով, որուն մէջ, սակայն, հայկական բաժին չկայ:
Մեսրոպ ուսանած է տեղական հայկական վարժարանին մէջ, որմէ ետք Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ շարունակած է կրթութիւնը, ապա Հայաստան` մասնագիտանալով որպէս ատամնաբուժ: Ամուսնացած է Հայաստանէն հայուհիի մը հետ եւ կազմած` հայկական օճախ: «Հայկական դպրոց չըլլալուն` հայերէնի դասաւանդութիւնը տունը ըրինք մեր զաւակներուն համար: Եթէ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը բաց ըլլար, ես զաւակներս Կիպրոս պիտի ղրկէի ուսանելու…»: Մեսրոպը ոչ միայն ջատագովն է ազգային աւանդին, այլ նաեւ կը գիտակցի յաւելեալ զոհողութիւններու անհրաժեշտութեան` հայկական ինքնութիւնը պահելու համար»:
Եւ դարձեալ` վերաքաղը, անոր հետ մեր ազգային հիմնահարցերուն ախտաճանաչումները: Տակաւին քանի՞ «Մեսրոպներու» պէտք էր հանդիպէի, որոնք պիտի խօսէին հայկական վարժարանի անփոխարինելի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան մասին:
«Հալէպի կացութեան այլեւս կարելի չէր տոկալ: Ստիպուած էինք դուրս գալ»: Եւ դուրսը Խաչատուր Զարկեանին համար եղած էր Եթովպիան: Թէեւ կրցած էր ձեռք ձգել մուտքի արտօնագիր, բայց կը մնար առկախ կարգավիճակի մէջ: Խաչատուրի դէմքին վրայ եւ անոր աչքերուն մէջ կրցայ տեսնել կարօտի եւ յուզումի խառն նայուածքներ: Եւ չուշացաւ արագ մտահոգութիւնս` Հալէպէն Ատիս Ապեպա՞, իսկ յետո՞յ…
Բայց Սիմոնը տակաւին ունէր ըսելիք: «Եկեղեցւոյ մէջ միշտ լաւ եւ ապահով կը զգամ: Հայը իր հաւատքը ամուր պահեց, նոյնիսկ երբ թուրքը ջարդեց զինք: Հայուն այս հաւատքը ապահովութիւն կու տայ»:
Բայց Սիմոնը այս իր «ապահովութիւնը» ժառանգած է: Իսկ ժառա՞նգը:
Սիմոն գրպանէն հանեց դրամապանակը եւ անոր մէջէն երկու փոքրիկ դիմանկար` մին հօրը եւ միւսը մօրը: Ութսունհինգամեայ ծերունին նախ նայեցաւ նկարներուն, ապա ցոյց տուաւ ինծի: Այդ նայուածքներուն մէջ սկսայ տեսնել Սիմոնին խորունկ կարօտը, կարօտը մօրը, զոր չէր ճանչցած, կարօտը հօրը, որ իր «որբի ցաւը» ճզմած էր սրտին մէջ եւ այդպէս մեծցուցած էր զինք: Սիմոնին մեծնալուն հետ մեծցած, աճած եւ խորունկ արմատներ նետած էր իր մէջ «որբին»` իր հօրը կարօտը:
Եւ այդ կարօտով է, որ Սիմոնը շինած էր իր կեանքը: Երեւի` պարզ, փոքրիկ եւ աննշան կեանք, բայց` երբեք աննպատակ, որովհետեւ «որբին կարօտը» եւ անոր կորսուած հարազատներուն, տան հողին կարօտը վերածուած էր ապրելու ուժի: Եւ այս ուժը արտադրած էր կեանքի արժէքը, որուն գիտակցութեամբ Սիմոն շինած էր իր «Հայաստանը», նոյնիսկ երբ Հայաստան երկիրը տակաւին չէ տեսած: Սիմոնին Հայաստանը, իր ամբողջական հասկացողութեամբ, մէկտեղուած էր Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ` Ատիս Ապեպա, եւ որ իրեն համար եղած էր ապրելու ուժ, բայց նաեւ` ապահովութիւն:
Եւ այս ուժով եւ ապահովութեամբ Սիմոն եթէ կը յիշէ իր հօր`«որբին կարօտը», բայց նաեւ կը պահանջէ: Այդ մաղթանքն է, որ ան ըրաւ մեր բաժնուելէն առաջ: «Օր մը պապենական հողին վրայ կը հանդիպինք…»:
Սիմոնին կարօտը իւրաքանչիւր հայունն է, այս կարօտին մէջ ու անոր միջոցով հայը կը ստանայ իր ուժը եւ ապահովութիւնը: Այս ուժով եւ ապահովութեամբ է, որ հայը պիտի յիշէ եւ պահանջէ…
«Որբին կարօտը» Սիմոնին, բայց` իւրաքանչիւր հայունը…